Ինչպէս գիտենք, ամերիկացի եւ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ պաշտօնանկ եղան պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցելնուն եւ ի գործ դրուած բարբարոսութեան դէմ կեցուածք որդեգրելնուն համար: Նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին հրաժարականը պահանջուեցաւ: Այսինքն, 7 հոկտեմբեր 2023-էն ետք, մէկ կողմէ` արաբական աշխարհի լուռ մեղսակցութիւնը, միւս կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ մանաւանդ Անգլիոյ հովանաւորութեամբ Կազայի մէջ ջարդերու շարունակութիւնը կու գան հաստատելու, որ համաշխարհային այսօրուան քաղաքական դրուածքին մէջ միայն ուժը կը գործէ, ո՛չ մարդկային, ո՛չ պատմական, ո՛չ ալ աշխարհաքաղաքական պայմանները իրենց տեղն ու ըսելիքը ունին: Փաստօրէն Արցախի բռնի դատարկումն ու համաշխարհային լռութիւնը կու գան ասիկա փաստելու:
Միայն ուժը կը խօսի եւ քու միասնականութիւնդ:
Նախորդ շաբթուան գլուխ գործոցը 12 երկիրներու կողմէ պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան եւ աշխատանքի գործակալութեան` ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի նիւթական օժանդակութիւններուն կասեցման որոշումն էր:
Յիշեցնենք, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան թիւ 302 բանաձեւով 8 դեկտեմբեր 1949-ին հիմնուած էր ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն, որ գործնապէս աշխատանքի սկսաւ 1 մայիս 1950-ին:
Պաղեստինեան դատի լուծման բացակայութեան բերումով, պաղեստինցի գաղթականներու հարցերուն օժանդակող, կենցաղային, կրթական, առողջապահական, մշակութային օժանդակութեան մարմին է անիկա:
30 հազար պաշտօնեաներով գործող այս հսկայ կազմակերպութիւնը մինչեւ օրս իր ծառայութիւններով եւ օժանդակութիւններով միջազգային ընտանիքին կողմէ յարգուած եւ գնահատուած կազմակերպութիւն է:
Յանկարծ, 7 հոկտեմբեր 2023-ի Համասի գործողութենէն ետք իսրայէլեան կառավարութիւնը կասկածի ու ամբաստանութեան տակ դրաւ 12 պաշտօնեաներ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ յարգուած եւ մեծ համալսարաններու տնօրէններ պաշտօնանկ եղան հրէական լոպիին պատճառով:
ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ալ կասեցնելու եւ ամբողջ ժողովուրդի մը օժանդակութիւնը դադրեցնելու ճիգ մըն է ասիկա` պատճառաբանելով, որ 30 հազար պաշտօնեաներէն 12-ը գործակցած են Համասի հետ:
Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ հրէական լոպիին այս ազդեցութիւնը: Ամբողջ կազմակերպութեան մը 70 տարուան վաստակը ոտնակոխել, առաքելութիւնը կասկածի տակ առնել, բոլոր գաղթականներու սնունդը, ուսումը, առողջապահական խնամքը կասեցնել… Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան երկիրներ ինչպէ՞ս տուրք կու տան հրէական այս արշաւին, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ շահելու համար:
Ամբողջ ժողովուրդի մը օժանդակութիւնը դադրեցնելու այս անարգ քայլը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ-մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան ամբողջական ոտնակոխում:
Ինչպէս գիտենք, ամերիկացի եւ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ պաշտօնանկ եղան պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցելնուն եւ ի գործ դրուած բարբարոսութեան դէմ կեցուածք որդեգրելնուն համար: Նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին հրաժարականը պահանջուեցաւ: Այսինքն, 7 հոկտեմբեր 2023-էն ետք, մէկ կողմէ` արաբական աշխարհի լուռ մեղսակցութիւնը, միւս կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ մանաւանդ Անգլիոյ հովանաւորութեամբ Կազայի մէջ ջարդերու շարունակութիւնը կու գան հաստատելու, որ համաշխարհային այսօրուան քաղաքական դրուածքին մէջ միայն ուժը կը գործէ, ո՛չ մարդկային, ո՛չ պատմական, ո՛չ ալ աշխարհաքաղաքական պայմանները իրենց տեղն ու ըսելիքը ունին: Փաստօրէն Արցախի բռնի դատարկումն ու համաշխարհային լռութիւնը կու գան ասիկա փաստելու:
Միայն ուժը կը խօսի եւ քու միասնականութիւնդ:
Յակոբ Լատոյեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն