image

Արեւելեան Թեմէն նեցուկ՝ Հայաւան Այնճարին

Արեւելեան Թեմէն նեցուկ՝ Հայաւան Այնճարին

Օրերս, ԱՄՆ Աեւելեան Թեմի Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողմէ, եւ հովանաւորութեամբը եւ ջանքերովը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի, 10,000 ամերիկեան տոլարի նուիրատւութիւն մը կատարուած է այնճարահայութեան, որպէս օժանդակութիւն Այնճարի արեւային վահանակներու ծրագրին։ 

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ դիմատետրի վրայ եղած գրառումէ մը, ուր մասնաւորաբար գրուած է՝

Ուրախութեամբ կը յայտնենք որ ԱՄՆի Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցիէն ստացած ենք 10,000 ամերիկեան տոլար՝ որպէս օժանդակութիւն Այնճարի արեւային վահանակներու ծրագրին։ Գումարը գոյացած էր Մուսա Լերան եւ Այնճարի հայութեան պատմութեան նուիրուած "Լիռոն Խէյր" ժապաւէնի ցուցադրութենէն եւ այդ առիթով կայացած նուիրահաւաքէն:

Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանին, ժապաւէնի բեմադրիչ՝ տիկ.Թամար Շահինեանին, տէր եւ տիկ. Ռաֆֆի եւ Հերա Մախուլեաններուն, եւ բոլոր անոնց որոնք մասնակցեցան այս աշխատանքին: