image

Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս.ի նախագահութեամբ գումարուած է հոգեւորականաց համագումարը (Լուսանկարներ)

Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս.ի նախագահութեամբ գումարուած է հոգեւորականաց համագումարը (Լուսանկարներ)

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հոգեւորականներու տարեկան համագումարը այս տարի տեղի ունեցած է Մեսեչուսեց Սփրինկֆիլտի մէջ, 30 Ապրիլէն  2 Մայիս ժամանակաշրջանի: Տարեկան  բնոյթ   ունեցող համագումարին կը մասնակցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներու հոգեւորականները:  

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու կը դառնայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Հոգեւորականներու համագումարի վերջին օրը:

Այսօր, 1 Մայիս 2024-ին, վերջ գտաւ հոգեւորականներու տարեկան համագումարը: Թեմակալ  առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Սրբազան բացաւ ժողովը իր սրտաբուխ հովուական պատգամով։ Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր հոգեւորականներուն ու թեմական անձնակազմին անցնող տարուան ընթացքին անոնց ցուցաբերած նուիրումին ու քրտնաջան աշխատանքին համար։

Ան կարեւորեց զանազան ձեռքբերումներ, ներառեալ՝ ծխական այցելութիւնները, ձեռնադրութիւնները, վարչական աշխատանքները, ծխական ղեկավարներուն հետ տեսակապով հանդիպումները։ Ան անդրադարձաւ 125-ամեակի տօնակատարութիւններու հետ առնչուող ձեռնարկներուն եւ Ս. Վարդան Մայր տաճարի կառուցման ծրագիրին ու դրամահաւաքին։ 

Նախարարութիւններու տնօրէն Տ. Հրաչ Սարգսեան, ներկայացուց Թեմական նախարարութիւններու վարչութեան յատկանշական իրագործութիւնները եւ յառաջիկայ ծրագիրները։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ թեմական ծառայութիւններուն մէջ ներգրաւուած բոլոր աշխատողներուն ու հոգեւորականներուն։

Խօսք առին նաեւ Տ. Գրիգոր Սապունճեան, Տ. Մարտիրոս Չեւեան, առաջնորդական փոխանորդ Հոգ. Տ. Սիմէոն վրդ. Օտապաշեան, եւ Հոգ Տ. Արէն վրդ. ճէպէճեան: Օրուան ընթացքին, ՀՕՖ-ի (Հայ Օգնութեան Ֆոնտ) ներկայացուցիչներ Սարա Սթայթս եւ Պրի Կարիկլիօ քննարկեցին Հայ օգնութեան ֆոնտի ծրագիրները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր հոգեւորականներուն եւ անոնց ծուխերուն շարունակական աջակցութեան համար:

Համագումարէն ետք տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն հիւրընկալ Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ: Ապա ընթրիք հոգեւորականներու, ծխականներու եւ թեմակալ առաջնորդութեան ներկայութեամբ: 

Վաղը առաւօտեան հոգեւորականները պիտի հաւաքուին Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի եզրափակեն Հոգեւորականներու համագումարը Ս. եւ Անմահ Պատարագով, որ պիտի մատուցուի Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի նախագահութեամբ։»