image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը պիտի չերկարաձգուի. Պորել

 Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը պիտի չերկարաձգուի. Պորել

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը պիտի չերկարաձգուի եւ պիտի աւարտի 19 դեկտեմբերին։ Այսօր Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը` ամփոփելով «Արեւելեան գործընկերութեան» երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման արդիւնքները ։

Անոր գնահատմամբ՝ հոկտեմբերին ձեւաւորուած առաքելութիւնը ցոյց տուած է իր արդիւնաւէտութիւնը, սակայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ունեցած պայմանաւորուածութեան համաձայն` առաքելութիւնը պիտի աւարտի 19 դեկտեմբերին։

«Այնուամենայնիւ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան մէջ միջնորդի մեր հեղինակութիւնը պահպանելու համար մենք Հայաստանի մէջ ներկայացուցիչներու խումբ պիտի տեղակայենք յաջորդ տարի հնարաւոր քաղաքացիական առաքելութիւնները քննարկելու համար», - յայտարարած է Պորել։

Յիշեցնենք, որ 6 հոկտեմբերին Փրակի մէջ կայացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոխորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելի հանդիպումը, որմէ ետք ԵՄ-ն քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւն ուղարկեց Հայաստան։