Ատրպէյճանը կտրականապէս մերժած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի 2025 թուականի մարտ 18-ի յայտարարութիւնը, որուն մէջ պաշտօնական Երեւանը հերքած է Հայաստանի բանակի կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման մասին ատրպէյճանական կողմի՝ արդէն քանի մը օր շարունակուող պնդումները:
Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն, պատասխանելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի յայտարարութիւնը, ըսած է.«Եւս մէկ անգամ ուշադրութիւն կը հրաւիրենք Ատրպէյճանի սկզբունքային դիրքորոշման վրայ, այն է, որ արդէն համաձայնեցուած բնագրի ստորագրման հիմնական պայմանը Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելն է՝ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յաւակնութիւնները վերացնելու համար։
Միեւնոյն ժամանակ մենք ընդգծած ենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ յարակից հինցած եւ անգործունակ կառոյցներու լուծարման անհրաժեշտութիւնը...
Եթէ հայկական կողմն իսկապէս շահագրգռուած է տարածաշրջանի մէջ հաղորդակցութիւններու բացմամբ, ապա պէտք չէ խուսափի իր պարտաւորութիւններէն եւ գործնական քայլեր ձեռնարկէ տարածաշրջանի նոր իրողութիւններուն համապատասխան հաղորդակցութիւններու բացման ուղղութեամբ»։