image
Հրատապ լուրեր:

Արդէն 11 օր է` Արցախէն ՀՀ բուժառու չէ տեղափոխուած անգամ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ

Արդէն 11 օր է` Արցախէն ՀՀ բուժառու չէ տեղափոխուած անգամ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ

29 ապրիլէն յետոյ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Արցախէն Հայաստան բուժառու չէ տեղափոխուած։ Տեղեկութիւնը Sputnik Արմենիա-ին յայտնած է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման եւ կանխարգելման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի` աւելցնելով, որ այս պահուն կազմակերպութիւնը կողմերուն հետ տեղափոխման հետ կապուած որոշ ընթացակարգեր կը յստակացնէ։

«Նոր անցակէտ տեղադրելէն յետոյ մենք երկու անգամ կատարած ենք տեղաշարժեր։ Մէկը ապրիլ 28-ին եղած է` տեղափոխած ենք 13 բուժառու, միւսը` ապրիլ 29-ին, այդ օրը տեղափոխած ենք եւս 16 բուժառու։ Սակայն այս երկու գործողութենէն յետոյ որոշակի յստակացումներու եւ շտկումներու կարիք եղաւ, որ այս պահուն դեռեւս քննարկումներու մեջ է»,– նշած է ան։

Ան նշած է, որ այս պահուն որոշակի ուշացումներ կան, բայց նաեւ աւելցուց, որեւէ արգելքի մասին խօսք չկայ։