image

Արցախի վանական համալիրը մաքրելու ընթացքին բացայատուած են մէկ խաչքար եւ մէկ տապանաքար

Արցախի վանական համալիրը մաքրելու ընթացքին բացայատուած են մէկ խաչքար եւ մէկ տապանաքար

Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանի օրհնութեամբ 21 յուլիսին Արցախի հնագոյն պատմամշակութային վայրերէն մէկուն՝ Բռի Եղցի վանական համալիրին մէջ, իրականացուած է մաքրապատման աշխատանքներ։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀԱՍԵ Արցախի թեմի դիմատետրեան էջէն։

Օրհնաբեր այս գործողութիւնը ի կատար ածուած է Արցախի թեմի, «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմի երիտասարդաց միութեան անդամներու համատեղ ջանքերով եւ Տիկին Վիրճինիա Տեւիսի ու SAVE ARMENIAN MONUMENTS (SAM) կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ։

Աշխատանքը իրականացած է արժանապատիւ Տէր Մատթէոս քահանայ Դրաուանցի կազմակերպմամբ ու ներկայութեամբ։ Իրենց աջակցութիւնն ու ներկայութիւնն ապահոված են նաեւ Հոգեշնորհ Տէր Դերենիկ աբեղայ Սահակեանն ու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարեշնորհ սարկաւագները։ Մշտապէս Արցախի կողքին կանգնած յարգարժան դոկտոր Մարինէ Մխիթարեան-Լազարիտուն թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ՛ աջակցութեան առումով նոյնպէս մասնակիցը դարձած է այս սուրբ գործին։ Մաքրապատման միացած են նաեւ Հացի գիւղի երիտասարդները՝ գիւղապետի գլխաւորութեամբ, որոնհ իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ մեծապէս նպաստած են աշխատանքներուն։ Հոգեւորականաց դասի առաջնորդութեամբ՝ ներկաները աղօթքով սկսած են բարեկարգման աշխատանքները։

Վանական համալիրի տարածքը բուսածածկոյթէ ու հողածածկոյթէ մաքրելու ընթացքին բացայայտուած է մէկ խաչքար ու մէկ տապանաքար՝ իրենց արձանագրութիւններով։