2022-ի առաջին կիսամեակին, Արցախի մէջ արձանագրուած են 864 ծնունդներ, ինչ որ 2021-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ աւելցած է 204-ով կամ 131 տոկոսով:
Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան բաժինի պետ Լիլիա Պետրոսեան:
«Նորածիններու կարգին գերակշռած են մանչերը՝ կազմելով 53.6 տոկոս: Ամէնէն տարածուած արական անուններն են՝ Դաւիթ, Տիգրան եւ Հայկ, իսկ իգականները՝ Մանէ, Մարիա եւ Եւա», նշեց ան:
Պետրոսեան աւելցուց, թէ նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ 22.5 տոկոսով նուազած է արձանագրուած մահերու թիւը: Հետեւաբար, այս տարուան առաջին կիսամեակին, հանրապետութեան բնակչութեան բնական աճը եղած է 372 անձեր: