Արցախի Հանրապետութեան մէջ վառելիքի եւ սնունդի պաշարները այս պահուն բաւարար են:
Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան ֆինանսներու եւ տնտեսութեան նախարարութենէն։
Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններն ու պարէնային ինքնաբաւութեան հետ կապուած մարտահրաւէրները՝ համապատասխան կառոյցները մշտապէս կը զբաղին պարէնային անվտանգութեան հարցերով եւ կը վերահսկեն սնունդի մատակարարման գործընթացը:
Պետական լիազօր մարմինները կը համակարգեն աշխատանքները, որ ընկերութիւնները պահպանեն ընկերային պատասխանատւութիւնը եւ չառաջանայ թանհիմն գնաճ: