Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման առաջին զոհերու՝ 3-ամեայ Լէոյի եւ 6-ամեայ Կիթայի մայրը ահազանգած է՝ 7-ամեայ դստեր չի կրնար պահել: Տունը ուտելիք չկայ, կեանքը անտանելի կը դառնայ: Այս մասին ըսուած է Արցախի հանրապետութեան հանրային հեռուստաընկերութեան պատրաստած տեսանիւթին մէջ:
Վերա Նարիմանեանը դէպքէն օրեր անց ալ չի կրնար վերագտնել իրեն, անընդհատ կը կրկնէ՝ Մարտակերտ գնացած էր երեխաներու համար սնունդ բերելու:
Այսօր, ան կ'ապրի միայն ողջ մնացած զաւակի համար: Սակայն, անոր կերակրելու հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով տարած է Ստեփանակերտի գիշերօթիկ հաստատութիւն: