Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պայթումի հետեւանքով տուժած մեր հայրենակիցները տեղափոխող առաջին ուղղաթիռը իջած է Սիսիան: Յայտնած են Առողջապահութեան նախարարութենէն:
Այնտեղէն անոնք պիտի տեղափոխուին մայրաքաղաքի բժշկական կեդրոններ:
Նշենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ուղղաթիռով բժիշկներու խումբը` անհրաժեշտ դեղորայքով եւ բժշկական պարագաներով մեկնած է դէպի Ստեփանակերտ` օգնութեան հասնելու Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի յարակից տարածքին` պենզինի պահեստի մէջ, տեղի ունեցած պայթումէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:
Ստեփանակերտի կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ տուժածները նախապատրաստուած են տեղափոխման։