Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ գտնուող շարք մը հիւանդներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ, քանի որ անոնց չեն կրնար տեղափոխել Հայաստանի բուժկեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Մուսայէլեան։
«Մի շարք բուժառուներ գտնւում են ծայրայեղ ծանր եւ ծանր վիճակում: Ցուցուած է նրանց բուժումը եւ հետազօտութիւնները շարունակել Երեւանում: Շրջափակման հետեւանքով նրանց տեղափոխումը Հայաստանի քաղաքային հիւանդանոցներ դարձել է անհնար»,– յայտնած է ան։
Ան ներկայացուցած է քանի մը բուժառուի անուններ ու առողջական վիճակ, որոնց տեղափոխումը Հայաստանի հիւանդանոցներ խիստ անհրաժեշտ է։
Նշենք, որ երէկ առաւօտէն խումբ մը ատրպէյճանցի «բնապահպաններ» փակած են Լաչինի միջանցքը, որու հետեւանքով կտրուած է կապը Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ։