Միացեալ թագաւորութեան խորհրդարանի Լորտերու պալատի անդամ, Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հարցով հրատապ նամակ ուղարկած է Համայնքներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին՝ կոչ ընելով սկսելու Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան իրավիճակի հետաքննութիւն եւ հրատապ կարգով զեկոյց ներկայացնելու: Ան շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման հերթական գործընթացը պէտք է կանխուի:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը նամակին մէջ ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքը՝ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին (Արցախ) կապող միակ ճանապարհը, մէկ ամիսէն աւելի է, որ կը շարունակուի շրջափակուած ըլլալ, այսպէս կոչուած, ատրպէյճանցի բնապահպաններու կողմէ: Արցախի Հանրապետութեան 120 հազար բնակիչներ արտաքին աշխարհէն անջատման հետեւանքով կը մատնուին տնտեսական, մարդասիրական եւ առողջապահական ծանր հետեւանքներու:
Ան շեշտած է նաեւ առաջացած շարք մը խնդիրներ՝ նկատել տալով, որ շատ քիչ թիւով հիւանդներու միայն թոյլ տուած են Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ տեղափոխուիլ Հայաստան, սակայն կան շատեր, անոնց շարքին՝ քաղցկեղ ունեցող անձեր, որոնք քիմիական բուժման կարիք ունին եւ չեն կրնար ստանալ:
«Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարութիւն տարածած է, ուր ընդգծուած է «վերահաս նոր ցեղասպանութեան» իրողութեան մասին եւ կոչ կ'ընէ «միջազգային հանրութեան պատասխանատւութիւն ստանձնելու Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ահաբեկչական գործողութիւնները կանխելու համար» »,-շեշտած է Քերոլայն Քոքսը:
Ան նշած է միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ընտանիքներու անջատման մասին, Հայաստանէն Արցախ ելեկտրամատակարարման գիծի վնասման ու Ատրպէյճանի կողմէ անոր վերականգնումը խոչընդոտելու ու անոր ծանր հետեւանքներուն մասին:
«Թէեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Ճոն Գալագեր հերքած է Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան ձախողութեան հարցով Մեծ Բրիտանիոյ մեղաւորութեան վերաբերեալ մեղադրանքները, սակայն Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Վաքիֆ Սատիքովը «երախտագիտութեան խօսքեր յայտնած է» 31 դեկտեմբերին Մեծ Բրիտանիոյ՝ այս յայտարարութիւնը ձախողեցնելու կապակցութեամբ: Սա խորացուցած է մտավախութիւնը, թէ Ատրպէյճանի հետ մեր Կառավարութեան լաւ յարաբերութիւնները, որոնք կապուած են նաւթային շահերուն հետ, գերակայութիւն ունենան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի կեանքի նկատմամբ»,- նշած է ան:
Հետեւաբար, Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն խնդրած է հետեւեալը.
Սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան իրավիճակի հետաքննութիւն:
Հրատապ կարգով ներկայացնել այդ արդիւնքներու մասին զեկոյց Արտաքին գործերու համագործակցութեան եւ զարգացման գրասենեակին:
Հանդիպիլ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ՝ գնահատելու իրականութիւնը Ատրպէյճանի ապատեղեկատուական արշաւի շրջածիրէն ներս:
«Հերթական Հայոց ցեղասպանութեան գործընթացը պէտք է դադրեցուի հիմա»,- եզրափակած է Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը: