Արցախցի Դաւիթ Մինասեանը, որ իր դիմատետրեան էջի ուղիղ եթերով կը նմանակէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, բերման ենթարկուած է Ասկերանի ոստիկանութիւն, ուր, ըստ Մինասեանի, իր նկատմամբ բռնութիւն գործադրուած է։
Այս մասին ան գրած է իր դիմատետրեան էջին։
Ինչպէս ընդգծած է Մինասեան, այս պահուն ինք ազատութեան մէջ է, սակայն շատ բողոքներ ունի։ Անոր խօսքով՝ իրեն տարած են Ասկերանի ոստիկանութիւնը, մէկ օր պահած այնտեղ ու բռնութիւն գործադրած։
«Ծեծել են ինձ, դրա պատասխանը պիտի տան։ Ի՞նչ իրաւունքով են ծեծել ինձ»,- գրած է Մինասեանը:
Աւելի վաղ ան իր դիմատետրեան էջին հրապարակած էր տեսանիւթ, որուն մէջ կ'երեւի՝ ինչպէս ոստիկանները Ստեփանակերտի մէջ քաշքշելով բերման կ'ենթարկեն զինք։
