image

Արցախի համար. ՄԱԿ-ի խաղաղապահները՝ առաջնահերթութիւն

  Արցախի համար. ՄԱԿ-ի խաղաղապահները՝ առաջնահերթութիւն

 Լիբանանահայ Սեւակ Տումանեան (արմատներով՝ Մուսալեռցի), որ  վերջին տարիներուն հայրենադարձած է եւ հաստատուած  հայրենիքի մէջ  Արցախի մէջ եղած զարգացումներուն առընթեր մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Մեծ պետութիւնները իրենց երկարամեայ (50+) ծրագիրները կը մշակեն եւ ամէն տարի կը վերանորոգեն զայն։

Ռուսիան ըլլալով գերպետութիւն, սովետի փլուզումին զուգահեռ իր ծրագիրը մշակած էր եւ այդ ծրագրով կը շարժէր։ Ինչ որ կատարուեցաւ վերջին 30+ տարիներուն հայկական աշխարհին մէջ, մաս կը կազմէր այդ ծրագրին։ Որեւէ խոչընդոտ այդ ծրագրին անմիջապէս կը վերացուի, ինչպէս Արթուր Մկրտչեանը Արցախի մէջ 1992-ին եւ Վազգէն Սարգսեանը 1999-ին։

Փաշինեանի պէս մէկն ալ իր ծրագրին մաս կը կազմէր, այնպէս որ եթէ խոչընդոտ էր, 2018-ին կը վերացնէր։ Պահեց իրեն, որպէսզի իրագործէ իր ծրագիրները եւ առիթ ունենայ արդարանալու։ Անշուշտ շատերդ պիտի ըսէք իր շահերէն մեկնած կը շարժի, այդպիսով կ'արդարացնէք թուրքը ...

Մի փորձէք արդարացնել ռուսին ըրածները։

Վստահ եմ ընդդիմութեան գլխաւոր նպատակը եւ առաջնահերթութիւնը Արցախի անվտանգութիւնն է եւ ոչ իշխանափոխութիւնը , ռուսական ներկայութիւնը ամրապնդելու տարածաշրջանին մէջ, ինչպէսց շատերը կը կարծեն։

Առ այդ, Արցախի անվտանգութեան համար ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը Ձախողած է։

Խօսքս ուղղելով ռուսամոլներուն` ռուսէն աւելի ռուս մի ըլլաք, ես արեւմտամէտ չեմ, իմ ԱԶԳԱՅԻՆը կը գերադասեմ բոլոր օտարներէն։ Իսկ արեւմուտքի բարիքները վայելող իմ ընկերներէս կը խնդրեմ , մանաւանդ այս օրերուն, ռուսամէտ խրատներ մի տաք Հայաստանի բնակիչներուն ...

Որպէս Արցախով եւ ընդհանրապէս Հայկական աշխարհով մտահոգ Հայ քաղաքացի՝ փաշինեանի հեռացումին զուգահեռ կը պահանջեմ Միջազգային Խաղաղապահ ուժեր ԱՐՑԱԽ-ի անվտանգութեան համար ։