image

Արցախցի կանայք երթ կատարած են դէպի Շոշ-Շուշի ճանապարհը

Արցախցի կանայք երթ կատարած են դէպի Շոշ-Շուշի ճանապարհը

Ստեփանակերտի մէջ խումբ մը կանայք ժամը 12։00 -ին ծաղիկ խոնարհած են զոհուած տղաներու շիրմաքարերուն։ Յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք անոնք շարժած են դէպի Զառուն Բաղ (Շոշ-Շուշի ճամբաբաժան) կոչուող տարածքը,որ արգելափակուած է ատրպէյճանցիներու կողմէ։  Այն եղբայրական գերեզմանատունէն հեռու է 2 քիլոմեթր։

Անոնք հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով վանկարկած են. «Ապահովէք մեր ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը», «Բացէք Լաչինի միջանցքը», «Արցախի հայկականութիւնը այլընտրանք չունի»:

Արշաւի մասնակիցներու ձեռքին եղած են պաստառներ. ««Արցախի ինքնորոշումը միակ այլընտրանքն է», «Մնեք չենք յանձնւում», «Կանգնեցրէք չարը», «Ապահովէք մեր կեանքի իրավունքը», «Վերադարձրէք ինձ իմ կրթութեան իրաւունքը»: