image

Արցախցի 3 ծանր պարագաներ Փոխադրուած են Երեւան

Արցախցի 3 ծանր պարագաներ Փոխադրուած են Երեւան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ բուժում ստացող երեք հիւանդներ օրեր շարունակ կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ՝ տեղի բժիշկներու վերահսկողութեան տակ։ 

Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ հիւանդներն այսօր տեղափոխուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։