image

Արցախ երբեք չէ եղած Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Սերժ Թանքեան

Արցախ երբեք չէ եղած Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Սերժ Թանքեան

Ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան X ընկերային ցանցի (նախկին Twitter) իր էջին անդրադարձած է Արցախի անկախութեան հարցին՝ նշելով, որ Արցախը իրաւաբանօրէն երբեք Ատրպէյճանի մաս չէ եղած։

«Բոլոր ֆաշիստ ատրպէյճանցիներուն, որոնք կը պնդեն, որ Հայաստանը Ատրպէյճան է։ Ձեր մայրաքաղաք Պաքուն պատմական Հայաստան է։ Ատրպէյճանը նոյնիսկ երկիր չէր մինչեւ 1918 թուականը եւ ճանչցուած պետութիւն չէր մինչեւ 1992 թուականի յունուարը: Արցախը Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութենէն իր անկախութիւնը հռչակած է 1991 թուականին։ Այսպիսով, Արցախը իրաւական տեսանկիւնէ երբեք Ատրպէյճանի մաս չէ եղած»,- գրած է Թանքեան։

«Սա չափազանց կարեւոր է Արցախի անկախութեան իրաւունքի հարցը լուծելու ժամանակ։ Այն երբեք չէ եղած Ատրպէյճանի անջատողական տարածաշրջան։ Արցախը ինքնավար մարզ էր, որ կը գտնուէր ռուսական հեգեմոնիայի տակ, մինչեւ Սթալինը որոշեց այն յանձնել Ատրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան։ Այդ ոչ մէկ իրաւական նշանակութիւն ունի», - մէկ այլ գրառմամբ նշած է Թանքեան։