image

Արայիկ Յարութիւնեան պիտի շարունակէ իր ստանձնած պատասխանատւութիւնները

Արայիկ Յարութիւնեան պիտի շարունակէ իր ստանձնած պատասխանատւութիւնները

Արցախի Հանրապետութեան պետական լրատուական գործակալութիւնը գրած է, որ վերջին օրերուն ընկերային հարթակներով ու լրատուական դաշտով լուրեր կը շրջանառուին Հայաստանի ու Արցախի պաշտօնատար անձերու միջեւ բախումներու, Արցախի ներիշխանական լարուածութեան, քաղաքական ամենատարբեր պառակտիչ գործընթացներու, Արցախի պաշտօնանկութիւններու ու հրաժարականներու վերաբերեալ։

«Արցախփրէս»-ը շրջանառուող այս լուրերու շարքին ամենաքննարկուող թեմայի` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի վերաբերեալ հարցադրում կատարած է նախագահի մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեանին, որ ի պատասխան նշած է, որ Արցախի Հանրապետութեան համար այս բարդ փուլին նախագահ Յարութիւնեան կը շարունակէ իրականացնել իր պարտականութիւնները։

«Յատկապէս այս ժամանակաշրջանում ներքին ցանկացած ցնցում Արցախի համար կարող է կործանարար լինել, եւ նախագահն իր լիազօրութիւնների շրջանակներում բացառելու է նման իրավիճակները։

Նախագահը քանիցս հրապարակաւ անդրադարձել է իր հրաժարականի թեմային եւ նրա ասածները մնում են ուժի մէջ, այն է՝ ինքը հրաժարական կու տայ առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում, երբ ստացուի ապահովել բնականոն իշխանափոխութիւնը եւ խուսափել վտանգաւոր ցնցումներից: Արայիկ Յարութիւնեանը որեւէ նպատակ չունի այսպիսի ծանր պայմաններում խուսափելու ստանձնած պատասխանատւութիւնից»,- ըսած է Աւանեսեան։

Անդրադառնալով ՀՀ իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններու հարցին՝ ան հաւաստիացուցած է, որ կը շարունակուին աշխատանքային յարաբերութիւնները, քննարկումներն ու, ըստ կարիքի՝ բանավէճերը:

«Սակայն ինչ ներքին քննարկումներ ու գործընթացներ էլ տեղի ունենան՝ նախագահ Յարութիւնեանը համոզուած է, որ հայութեան տարբեր հատուածների միջեւ պառակտումն ու լարուածութեան աճն անընդունելի են եւ վտանգաւոր»,- ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակը։