image

Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարարի եւ Փարիզի քաղաքապետի հետ

Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարարի եւ Փարիզի քաղաքապետի հետ

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնուած օրակարգը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցերը երկկողմ մշտական քաղաքական երկխօսութեան մաս կը կազմեն:

Այս մասին X-ի (նախկին՝ «Թուիթըր») իր էջին գրած է ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը, տեղեկացնելով, որ Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողովի շրջանածիրէն ներս հանդիպած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Քաթրին Քոլոննայի եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ։

«Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողովի շրջանակներում ես հնարաւորութիւն ունեցայ համառօտ մտքեր փոխանակել Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Կատրին Կոլոննայի եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իդալգոյյի հետ»,-գրած է ան։