Գանատահայ գործիչ Արա Պալեան ենթարկուած է բաւականին բարդ վիրահատական գործողութեան։
Այս մասին իմացանք Պալեանի դիմատետրի էջէն, ուր նաեւ կը նշուի, որ գործողութիւնը անցած է յաջող եւ ան որոշ ժամանակով մը պիտի հետեւի մերձումներու։
Այս առթիւ մեր սրտազգաց բարեմաղթութիւնները կը յղենք Տիար Պալեանին, քաջ հաւատալով, որ ան շուտով պիտի վերադառնայ իր բնականոն հաւաքական եւ անհատական կեանքին։
Նշենք, որ Պալեան Մոնթրէալի ՌԱԿ-եան, ինչպէս նաեւ «Թէքէեան Մշակութային Միութեան» անձնուէր գործիչներէն է։