image

Ապու Տապիի մէջ. Պարգեւատրում «Արա Խանոյեան» վարժարանի ուսուցիչներուն

Ապու Տապիի մէջ. Պարգեւատրում «Արա Խանոյեան» վարժարանի ուսուցիչներուն

Օրերս  Ապու Տապիի մէջ ներկայութեամբ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանին տեղի ունեցած է   յատուկ հանդիսութիւն   պարգեւատրելու համար  գաղութի   «Արա  Խանոյեան  վարժարան»ի  ուսուցիչները։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է. 

Ուրբաթ,  1 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Սարդարապատ» սրահէն ներս, նախագահութեամբ Սրբազան հօր, ներկայութեամբ դպրոցի բարերար տիար Արա Խանոյեանի եւ այլ ազգայիններուն, պարգեւատրուեցան դպրոցի ուսուցչական կազմը:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց անցնող տարուայ տարուած աշխատանքը տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէն, մատնանշելով « որ համաճարակի պայմաններուն լոյսին տակ եւ հակառակ արգելափակումներուն,  ընդհանրապէս մեր թեմի միօրեայ վարժարանները կրցան առցանցի միջոցաւ գոհացում տալ մեր աշակերտներուն: Բնականաբար աւելի նախընտրելի կ'ըլլար որ վարժարանները իրենց դռները բանային աշակերտներուն ֆիզիքական ներկայութեամբ,  սակայն ներկայ իրավիճակը չօգնէր որ այդ մէկը իրականայ, բայց վստահ ենք որ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներու համագործակցութեամբ առցանց ծրագիրը յաջող պիտի ընթանան»:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւ եւ վարժարանի տեսուչ՝  Հոգշ. Տէր Վաչէ Վրդ. Պալքճեանը,  որ աջալրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը հետեւի գաղութին եւ վարժարանին վերելքի աշխատանքներուն: Որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Ատիս Մուրատեան որ իր կարգին գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքերը փոխանցեց,  ինչպէս նաեւ շեշտեց Ազգային վարչութեան  զօրակցութիւնը վարժարանի աշխատանքներուն: 

Այս առիթով ուսուցչական կազմը պարգեւատրուեցան հոգաբարձութեան կողմէ եւ նուէրներ ստացան դպրոցի բարերար՝  տիար Արա Խանոյեանի կողմէ: