image

Ապաքինման մաղթանք

  Ապաքինման մաղթանք

 

Շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքով կը գրենք Սաղիմահայ գործարար Նշան Պալեանին մասին։

Օրերս «Արեւելք»ին յայտնի դարձաւ, որ Սաղիմահայ գործարար եւ հանրային գործիչ Նշան Պալեան  անհանգստութիւն մը անցընելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց։

 Կը նշուի նաեւ, որ բժիշկներու հոգատարութեան արժանացած Պալեան աւելի ուշ դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ դրական վիճակով մը վերադարձած է իր բնականոն գործունէութեան։

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Նշան Պալեանի ղեկավարած Պալեանների յախճապակիի  ստեղծման եւ տարածման գործով զբաղուող պապենական ձեռնարկութիւնը կը համարուի ամէնէն առաջնարկներէն մին եւ  այդ նախաձեռնութեան կողմէ կերտուող ապրանքանիշերը մեծ տարածում ունին, ոչ միայն Իսրայէլի, Պաղեստինի, եւ Յորդանանի, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելեան տասնեակ երկիրներու, Հայաստանի եւ հեռաւոր Ամերիկաներու մէջ։

 

 Յաջողութիւն Պալեաններուն եւ առողջութեան մաղթանք մասնաւորապէս Նշան Պալեանին։