image

Անընդունելի է բնակչութեան համար խնդիրներ ստեղծելը. Զախարովա

Անընդունելի է բնակչութեան համար խնդիրներ ստեղծելը. Զախարովա

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի փակման, գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն:

«Մեզ կ'անհանգստացնէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը. այն պայմանաւորուած է հանքավայրերու շահագործման վերաբերեալ կողմերու տարաձայնութիւններով։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը այս օրերուն աշխուժօրէն կ'աշխատին իրավիճակի ապամագլցումի ուղղութեամբ։ Մենք անհամբեր կը սպասենք յառաջիկային փոխադրային կապերու լիարժէք վերականգնման», -ըսած է ան։

Զախարովան շեշտած է, որ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Լաչինի միջանցքը կ'ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի կապը, եւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները ստորագրելու ժամանակ կողմերը ստանձնած են համապատասխան պարտաւորութիւններ, որոնք պէտք է անշեղօրէն պահպանուին։

«Քաղաքացիական բնակչութեան կենսագործունէութեան համար խոչընդոտներու ստեղծումը անընդունելի է», -շեշտած է Զախարովան:

Նշենք, որ 12 դեկտեմբերի առաւօտեան խումբ մը ատրպէյճանցիներ, ներկայանալով «բնապահպաններ», փակած են Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը։ Բացի այդ դադրեցուած է Արցախի կազամատակարարումը: Երեւանի մէջ այս քայլը գնահատուած է որպէս Պաքուի կողմէ սադրանք՝ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտ ստեղծելու նպատակով։