image

Նիւ Եորքի Գրադարանի հայազգի փրկիչը

 Նիւ Եորքի Գրադարանի հայազգի փրկիչը

Օրերս նշանակալի անուանակոչութիւն կատարուած է աշխարհի խոշորագոյն գրադարաններէն մէկուն մէջ: Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի բարեգիտական (հումանիթեր) հետազօտութիւններու կեդրոնը անուանակոչուած է անուանի հայ գիտնական, պատմաբան, գրադարանային ոլորտի նուիրեալ Վարդան Գրիգորեանի (Կրէկորեան) անունով: Վարդան Գրիգորեան մեծապէս նպաստած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի վերականգնմանն ու վերածնունդին եւ արդարացիօրէն կոչուած է գրադարանի փրկիչը: Ան գրադարանի նախագահն էր 1981-1989 թուականներուն, մա՛նաւանդ այդ տարիներուն գրադարանը համաշխարհային ճանաչմամբ կրթական հաստատութիւն դարձած է՝ միաժամանակ դառնալով աշխարհի խոշորագոյն գիտական գրադարանային համակարգերէն մէկը:

Գրադարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը անուանակոչութեան այս որոշումը ընդունած է՝ նկատի առնելով այն անգնահատելի դերը, որ ունեցած է Վարդան Գրիգորեան ամերիկեան այս հաստատութեան մէջ՝ զայն դարձնելով Նիւ Եորքի դէմքը բնորոշող պատկերներէն մէկը:

Անուանակոչութեան մասին յայտնած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի հետազօտական գրադարաններու տնօրէն Պրենտ Ռէյտի, որ հետեւեալ նամակը յղած է իր գործընկերներուն.

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Բարեգիտական հետազօտութիւններու կեդրոնը, ի պատիւ գրադարանի նախկին նախագահի, կը կոչուի «Վարդան Գրիգորեան» բարեգիտական հետազօտութիւններու կեդրոն:

Վարդան Գրիգորեանը հեղինակաւոր առաջնորդ էր, մարդասէր ու մեծ մտաւորական, որ վիթխարի ներգործութիւն ունեցած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի վրայ, ինչ որ մենք կը շարունակենք զգալ մինչեւ օրս։

Անոր հեռատես ղեկավարման շնորհիւ 1981-1989 թուականներուն՝ իր պաշտօնավարման ընթացքին, գրադարանը վերակենդանացաւ եւ վերահաստատեց իր նախկին կարգավիճակի գերակայութիւնը՝ իբրեւ սիրելի ու հարազատ հանրային հաստատութիւն։

Նախորդ տասնամեակի տնտեսական վայրիվերումներէն յետոյ նշանակալիօրէն մեծցնելով ներդրումները՝ Վարդան Գրիգորեան վերականգնեց գրադարանի նիւթական կայունութիւնը։ Ան վերահսկեց գրադարանի պատմական կեդրոններու վերանորոգումը, մեծցուց մեր շրջանառուող հաւաքածոներուն ծաւալը՝ յատկապէս կեդրոնանալով բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ նիւթերու վրայ: Ան ներդրումներ յատկացուց՝ հետազօտական մասնաճիւղերը համադրողներով ու փորձագիտական աշխատակազմով յագեցնելու համար, ընդլայնեց մեր հաւաքածոները մշակելու ու պահպանելու հնարաւորութիւնները եւ հիմք նախապատրաստեց «Պրայանտ» զբօսայգիի համալիրի մեր գրապահոցները ստեղծելու համար։ Այն աշխատանքը, որ կը կատարենք մենք այսօր, կարելի պիտի չըլլար՝ առանց անոր հեռատեսութեան եւ մեր շահառուներու նկատմամբ խորին նուիրուածութեան։

Հանրային գրադարանէն յետոյ պաշտօնավարելով որպէս Պրաուն համալսարանի նախագահ, ապա՝ որպէս Նիւ Եորքի «Քարնեկի» ընկերութեան նախագահ, Գրիգորեան հաւատարմօրէն նուիրուած մնաց գրադարանին` առատաշնորհ ներդրումներ ուղղորդելով գրադարանին՝ հաւաքածոներու թուայնացման եւ կրթական ծրագրերուն սատարելու համար։

Բարեգիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի գաղափարը եւ 2019 թուականին ատոր բացումը այն դրական ազդակի շարունակութիւնն էին, որու հիմքը դրուած էր Վարդանի օգնութեամբ։ Այսօր ձեր նուիրուածութեան ու քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ մենք կը շարունակենք ծառայել հետազօտողներու եւ ուսումնասիրողներու կազմերուն։

Աշխատանքային գեղեցիկ, խաղաղ տարածքներու տրամադրումը, մեր հաւաքածոներու աճող մատչելիութիւնը, փորձագիտական անձնակազմը եւ ծրագրաւորման ու ուսուցողական ծրագիրներուն հետզհետէ մեծցող ծաւալը կը նպաստեն գիտութեան ու հետազօտութիւններու յառաջադիմութեան:

Կեդրոնի վերանուանումը յարգանքի տուրք է ո՛չ միայն Վարդանի մնայուն ժառանգութեան, այլեւ կեդրոնին մէջ կատարուող հետազօտութիւններուն օժանդակելու ուղղութեամբ մեր կատարած աշխատանքի նշանակալիութեան: Այդ մէկը կը բացայայտէ փորձագիտական մեր անձնակազմի պատկառելի համբաւը, կ՚արժեւորէ մեր աշխարհահռչակ հաւաքածոները եւ, որպէս հետազօտական յառաջատար կեդրոններ, կ՚ամրակայէ Կատարողական արուեստի գրադարանը, Սթիւըն Ա. Շուարցմանի կեդրոնը եւ սեւամորթերու մշակոյթի հետազօտման Շոմպերկ կեդրոնը։

Ձեզ կը հրաւիրեմ միանալու մեզի՝ նշելու համար Վարդան Գրիգորեանի անուան Բարեգիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի անուանափոխութիւնը եւ կ՚ակնկալեմ շարունակական ձեռքբերումներ:

Ջերմագոյն յարգանքով՝

ՊՐԵՆՏ ՌԷՅՏԻ

ԳՐԱԴԱՐԱՆԱՅԻՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆ

Գրիգորեան ծնած է 1934 թուականին, Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Փոքր տարիքին ճամբորդած է Պէյրութ եւ աւարտած՝ տեղւոյն Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Ան ուսումը շարունակած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, մասնագիտացած պատմութեան եւ մարդաբանութեան ոլորտներուն մէջ:

1997 թուականէն ի վեր կը պաշտօնավարէր իբրեւ Էնտրու Քարնեկիի հիմնած բարեսիրական հաստատութեան 12-րդ նախագահը:

Ան 2015 թուականին, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ հիմնած էր «Աւրորա» բարեսիրական հիմնարկը:

2004 թուականին Գրիգորեան արժանացած է ամերիկեան ամենաբարձր քաղաքացիական շքանշանին՝ «Ազատութեան» մետայլին: Մահացած է 2012 թուականին:

Ակնյայտ է, որ Վարդան Գրիգորեան ամենաճանչցուած հայ գրադանագէտն էր, որ նորարարութիւններ կատարած է ամերիկեան գրադարանագիտութեան մէջ, եւ ամէն առիթով կը ջանար այդ փորձը բերել Հայաստան: 1990-ականներու ծանր տարիներուն ան նիւթական օգնութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի գլխաւոր գրադարաններուն: Այսօր իր անունով կը կոչուի նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի գրադարանը։ Գրիգորեան կը նկատուէր գրադարանային փիլիսոփայ, ապագայատես, որ կը տեսնէր գրադարաններու դերը ապագայի կառուցման եւ հասարակութեան զարգացման գործին մէջ:

Բոլոր բնագաւառները, ուր աշխատած է Վարդան Գրիգորեան, հաւասարապէս կարեւոր եղած են հասարակութեան զարգացման համար. թէ՛ ակադեմական միջավայրի մէջ, թէ՛ գրադարաններու ցանցէն ներս եւ թէ իր բոլոր դասախօսութիւններուն ընթացքին ու հեղինակած գիրքերու մէջ Վարդան Գրիգորեան կարեւորութիւն տուած է հասարակութեան զարգացման եւ կրթուած ու յառաջադէմ երիտասարդութեան գոյութեան՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ: Այդ գաղափարները ան լաւագոյնս դրսեւորած է մանաւանդ «Քարնեկի» հաստատութեան նախագահը եղած ժամանակ: Այս հաստատութեան հիմնադիրին՝ Էնտրու Քարնեկիին գաղափարախօսութեան մաս կազմած է հասարակութեան բարգաւճումը՝ ամենալայն իմաստով:

1889 թուականին Քարնեկին հրատարակած է «Հարստութեան աւետարան» յայտնի յօդուածը, որով կոչ կ՚ընէր հարուստներուն՝ իրենց հարստութիւնը գործածել հասարակութեան բարգաւաճման համար, յօդուածը նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ բարեգործութեան եւ դրամահայթայթման մեծ ալիք բարձրացուցած է: Ատկէ տարիներ անց, երբ ծագումով սկովտացի ամերիկացի արդիւնաբերող, մեծահարուստ Էնտրու Քարնեկիի անունը կրող հիմնարկը գլխաւորեց Վարդան Գրիգորեան, ան յառաջ տարաւ նոյն գաղափարները: Ան հիմնադրամին համար այնպիսի ամուր կապեր հաստատեց եւ այնքան գումար հայթայթեց, որ կ՚ըսեն, թէ հիմնադրամը այլեւս գումարի կարիք չունի:

Գրիգորեան յայտնի եղած է լաւ գաղափարներու իրագործման համար դրամահաւաքի իր բացառիկ հմտութիւններով: 2007 թուականին «Financial Times»ը զայն կոչած է «Միջոց հայթայթող հանճար»:

Գրիգորեան իր վերջին գիրքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Քարնեկիին, ըսելով.

«Պատանի ժամանակ, Քարնեկիի մասին լսելէ ետք, մեծագոյն յարգանքով լեցուեցայ անոր հանդէպ: Նկատի առի, որ իմ ու այդ մարդուն կեանքերը շատ նման են՝ երկուքս ալ աղքատ ընտանիքներէ էինք, երկուքս ալ կը սիրէինք կարդալ, սակայն չէինք կրնար մեզի արտօնել գիրք գնել կամ վարձու վերցնել. երկուքս ալ երիտասարդ տարիքին մեկնած էինք օտար երկիր բախտ որոնելու, երկուքս ալ գիտէինք՝ հոգւով ու սրտով, որ մեզ կը փրկէ եւ կ՚ուղղորդէ միայն կրթութիւնը: Անշուշտ, ես հպարտ էի, յաղթական տրամադրութիւն ունէի, որ Թաւրիզէն եկած տղան, որ այնքան աղքատ էր, չէր կրնար սեփական գիրքը ունենալ, կամ վարձել, հասաւ աստիճանի մը, որ կարողացաւ հարիւրաւոր գիրքեր տրամադրել Նիւ Եորքի բնակիչներուն»։

«ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ» ԲԱՐԵԳԻՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԸ

Նիւ Եորքի գրադարանի՝ «Վարդան Գրիգորեան» անուանակոչուած Բարեգիտական հետազօտութիւններու կեդրոնը բաղկացած է չորս ընդհանուր ուսումնական դասասենեակներէ, երկու անուանական սրահներէ։ Կեդրոնը ունի նաեւ այլ ծրագրային տարածքներ՝ հետազօտական միջոցառումներու համար, որոնց ընթացքին լայնօրէն կը գործածուին գրադարանի հաւաքածոները, որոնք կ՚ընդգծեն հետազօտութիւններու համար գրադարանէն ներս ստեղծուած հնարաւորութիւնները:

«Վարդան Գրիգորեան» կեդրոնը բացառիկ վայր է գիտնականներու համար, զանոնք կ՚առաջարկէ աշխատասենեակներ, կրթաթոշակներ, ուսումնական սենեակ կը տրամադրէ հետազօտողներուն եւ գրողներուն, որոնք ազատօրէն կը գործածեն գրադարանի հարուստ հաւաքածոները: Տեղակայուած ըլլալով աւելի քան 125 տարուան պատմութիւն ունեցող գրադարանի մը մէջ՝ Հետազօտական կեդրոնը անբաժան մասն է այս հնագոյն գրադարանին, ինչպէս գրադարանի բոլոր նիւթերը, գիրքերը, այնպէս ալ կեդրոնի հաւաքածոները անվճար կերպով կը բացուին հետազօտողներուն առջեւ: Գրադարանը ԱՄՆ-ի տարածքին ունեցած իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով կը նպաստէ կարեւոր գործի մը՝ հասարակութեան կրթուածութեան: Տարեկան շուրրջ 16 միլիոն այցելու ունենալով, գրադարանը միաժամանակ կը տրամադրէ իր առցանց աղբիւրները համացանցի միջոցով՝ օրէ օր աւելի բարելաւելով տեղեկութիւն, գիտելիք սփռելու միջոցները:

ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

- «Հայերը ներդրումներ կատարած են Սինկափուրի մէջ, շէնցուցած են Փարիզը, Վիեննան, ամբողջ աշխարհը, սակայն պատմութեան ընթացքին անուշադրութեան մատնած ենք մեր տարածաշրջանը։ Հիմա այլեւս ատոր արդարացում չկայ։ Մենք պէտք է ներդրումներ կատարենք մեր երկրին մէջ»։

- «Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը մէկ օրկանիզմ է՝ երկու թոքերով։ Եթէ մէկը կը գոցուի, միւսը աւելի շատ պէտք է աշխատի, մինչ միւսը առողջանայ»։

ԻՆՔ ԻՐ ՄԱՍԻՆ

«Թաւրիզէն Լիբանանով Գալիֆորնիայով, Թեքսասով, Փենսիլվանիայով, Ռոտ Այլընտով եւ բազում այլ վայրերով մինչեւ Նիւ Եորք հասած ու գիտելիք երազող տղան, որը այսօր, յուսամ, արդէն ուսեալ է, կեցած է կազմակերպութեան մը ղեկին, որ իր առաքելութիւնը հռչակած է գիտելիքի տարածումը աշխարհի տարածքին: Երազող, որ սորված է նախաձեռնող ըլլալ, թափառող հայ մը, որ հասած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի էջերուն, որդի, որ դարձած է հայր, հայր, որ դարձած է ամուսին: Ասիկա այն կեանքն է, որ երբեք չէի սպասեր, թէ կ՚ունենամ»:

ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

- «Գրադարանը որպէս վայր, ուր գիրքերը կրնան ազատօրէն տրամադրուիլ մեծահասակներուն եւ երեխաներուն, բոլորին երեխաներուն նկատմամբ մարդուն դրսեւորած հոգածութեան առհաւատչեան են:

- «Գրադարան հիմնելու եւ պահպանելու գործը ներդրում է ո՛չ միայն մեր, այլեւ՝ ապագայ սերուդներու կեանքին մէջ: Գրադարանը ժառանգութիւն է, հայելի դէպի անցեալ եւ պատուհան դէպի ապագայ»:

- «Գրադարանը նաեւ մարդկութեան շարունակութեան նկատմամբ ունեցած հաւատքի դրսեւորումն է: Գրադարանէն ներս կը պահուի հասարակութեան հաւաքական, բայց նաեւ խտրական յիշողութիւնը: Ան յարգանքի տուրք կը մատուցէ անցեալին, ապագային համար վկայութիւն կու տայ ներկայի մասին, հետեւաբար, հնարաւորութիւն կը ստեղծէ դատողութիւններ ընելու թէ՛ անցեալի, թէ՛ ապագայի վերաբերեալ»:

- «Իմ կարծիքով, գրադարանը միակ հանդուրժող պատմական հաստատութիւնն է, քանի որ ան կ՚արտացոլէ մեր հասարակութեան, մարդկութեան պատմութիւնը: Անիկա հաստատութիւն մըն է, ուր ձախերն ու աջերը, սատանան եւ Աստուած, մարդկային ձեռնարկումները, ձեռքբերումներն ու ձախողումները կը պահուին դասակարգուած, որպէսզի մարդկութեան սորվեցնեն, թէ ի՛նչն է անհրաժեշտ ընդօրինակել եւ ին՛չը պէտք չէ կրկնել:

- «Գրադարանին գոյութիւնը եւ բարեկեցութիւնը հասարակութեան, համայնքին, համալսարանին, դպրոցին, քոլէճին, քաղաքին եւ երկրին կեանքին մէջ հսկայական նշանակութիւն ունին: Եւ իսկապէս, գրադարանը մեր հասարակութեան առանցքն է: Ան տեղեկատուութեան ազատ փոխանակման վճռորոշ բաղադրիչն է, նոյնինքն ժողովրդավարութեան հիմքն է: Թէ՛ ուղիղ, թէ՛ խորհրդանշական իմաստով գրադարանը միտքի եւ ընտրութեան ազատութեան պահապանն է, որ զայն կը դարձնէ մեր սահմանադրութեան առաջին ուղղման խորհրդանիշը:

«Այլապէս, ի՞նչ հետեւանքներ կը թողու այնպիսի քաղաքական համակարգ մը, որուն օրօք ժողովուրդին մեծ մասը անտեղեակ է իր անցեալին, ժառանգութեան, երազանքներուն ու աւանդոյթներուն, եւ ի՞նչ կը մնայ մեր ժողովրդավարութեան նպատակներէն»:

- «Գիրքը ինծի համար կը շարունակէ մնալ մարդուն ամենաբացառիկ ստեղծագործութիւններէն մէկը, քանի որ անիկա ընծայ է, գիտելիքի ընծայ։ Եւ ինչպէս որ ան յայտնուի քու ձեռքիդ, գտածոյ գանձ մըն է»։

- «Երբ ես հրաժարեցայ Փենսինլվանիայի համալսարանէն եւ աշխատանքի մտայ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին մէջ, ինծի կ՚ըսէին, թէ գրադարանը սնանկացման ճանապարհին է, եւ ատիկա պիտի ըլլայ մէկ տարուան մէջ: Կը հարցնէին՝ քու ինչի՞դ է պէտք ատիկա: Բայց գրադարանը ինծի համար շատ թանկ վայր մըն է: Այն ժողովրդավարութեան վկայութիւնն է եւ քաղաքակրթութեան ծիներու ստուգման միջոցը»:

Անուշ Թրուանց

Նիւթ՝ «Ժամանակ», Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...