«Մենք անկեղծ զինուոր ենք, առանց ի վիճակ,
Ուխտել ենք ծառայել երկար ժամանակ ...»։
Այս երգին բառերը ծանօթ են մեզմէ շատերուն ու լաւագոյնս կը բնութագրեն Միսակ Գույումճեանի ամբողջ կեանքն ու պայքարը։
Կեանք մը, որ եղաւ լեցուն դժուարութիւններով ու մաքառումներով, որուն մէջ ալ իր շրջանակին համար, որպէս «Պոքսէր» ճանչցուած Միսակ Գույումճեանը կարողացաւ իր լաւագոյնը տալ իր ժողովուրդին ու իր պաշտած կուսակցութեան ՝ ՀՅԴ-ին։
Իրաւամբ անուններ կան, որոնք առանց հրաւէրի, առանց պաշտօնի, առանց շքանշաններու կը գործեն ու Միսակ, որ շառաւիղն էր Պուրճ Համուտի հարազատ թաղերէն փայլք ստացած մեծ նուիրեալներուն գործեց ու ապրեցաւ անոնց հաւատամքով։
Կռուեցաւ ու պահպանեց Պուրճ Համուտն ու անոր յարակից շրջանները։
Կռուեցաւ Արցախի մէջ, կռուեցաւ հոն ուր հայ կար եւ փորձեց օգնութեան ձեռք երկարել բոլոր անոնց, որոնք կ՚ակնկալէին իր օգնութիւնը։
«Ընկ. Միսակը, մեր «Պոքսէր Միսակ»ը առասպել էր մեզի համար։ Երբ կ՚անցնէինք Մատոնա, Կիլիկիա եւ Սարդարապատ թաղերէն, գիտէինք, որ անպայման պիտի լսենք իր խռպոտ, բայց գորովով լեցուն ձայնը ... ակաաա՜՜՜»։ Այսպէս կը գրէ ականներուն իր աչքերը բացած հայ երիտասրդ մը, նշելով նաեւ, որ Միսակը կը պատկանի այն սերունդին, որուն համար նուիրումը կեանքը ոճ էր, ապրելաձեւ։
Փոքրին հետ փոքր- մեծին հետ մեծ, իր անձնական կեանքի բոլոր տեսակի փոթորկումներով հանդերձ Միսակ շարուանակեց մնալ անկեղծ զինուոր։ Գործեց ու հասաւ բոլորին, աշխատեցաւ, ընտանիք պահեց, սիրեց իր մեծ ու փոքր ընտանիքները ու ամենակարեւորը սիրեց նուիրումը։
Երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերը մտաբերենք պիտի նկատենք, որ այդ օրերուն գոյացաւ ու մարմին ստացաւ նուիրեալներու հսկայ փաղանգ մը, որուն համար էականը գաղափարին համար նուիրուիլն էր. Այդ սերունդ այսօր կամաց-կամաց կը հեռանայ հորիզոնէն, սակայն ուրախալին այն է, որ այդ մեծ նուիրումին հաւատացողներու շարքերը կը շարունակեն մնալ ամուր։
Սերունդները կը փոխուին, անունները կը հեռանան, սակայն ընկ. Միսակին նման անկեղծ զինուորներուն աւանդը կը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել։
Յարգանք իր յիշատակին։
Նշենք, որ Միսակ Գույումճեան կը մահանար յետ կարճատեւ հիւանդութեան ու ըստ արժանւոյն ալ անոր ընկերներն ու գաղափարակիցները պիտի յարգեն իր արժանի յիշատակը։
Նիւթը՝ «Արեւելք»ի