Հայաստանը, ըստ զեկոյցին, յետխորհրդային երկիրներէն կը զիջի միայն Ուքրանիոյ, Վրաստանին ու Մոլտովային, իր ետին թողելով Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները, Պելառուսիան, Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը:
Freedom House-ը հրապարակած է իր «Nations in Transit 2022» տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկույցին մէջ կը նշուի, որ 2004 թուականէն սկսեալ նախապէս մենատիրական երեք երկիրներ` Մոլտովան, Քոսովօն եւ Հայաստանը, քայլերու ձեռնարկած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, որու արդիւնքով դարձած են հիպրիտային վարչակարգեր:
Հայաստանը, ըստ Freedom House-ի զեկոյցին, ընդհանուր ցուցանիշով յառաջընթաց գրանցած է` հնարաւոր առաւելագոյն 7 միաւորէն, որ աւելի ժողովրդավար երկրի ցուցանիշն է, ստանալով 3.04 միաւոր նախորդ տարուայ 2.96 միաւորի փոխարէն: Հայաստանը յառաջընթաց գրանցած է զեկոյցին կողմէ հետազօտուող մի քանի ոլորտներում մէջ, ներառեալ ժողովրդավարական կառավարումը, ընտրական գործընթացը եւ դատաիրաւական համակարգի զարգացումն ու անկախութիւնը` միեւնոյն ժամանակ նահանջելով անկախ մամուլի ցուցանիշին մէջ:
Տոկոսային ցուցանիշով երկրի ժողովրդավարութեան զարգացման մակարդակը կը կազմէ 34%: Ըստ Freedom House-ի` այն երկիրները, որոնք անցում կատարած են մենատիրական կառավարման ձեւէն հիպրիտայինի աւելի խոստումնալից են, թէեւ ամբողջապէս «տակաւին չեն համապատասխաներ ժողովրդավարական չափանիշներուն»:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը նկատէ, որ, օրինակ, Հայաստանի մէջ «2018 թուականին քաղաքացիները օգտագործեցին բողոքի շարժումը եւ մրցակցային ընտրութիւններու շարքը, որոնցմէ վերջինը կայացաւ 2021-ին` վճռականօրէն վերջ դնելով «Հանրապետական» կուսակցութեան բազմամեայ կառավարման: Այդ ժամանակուայ առաջնորդները փոխարինուեցան քաղաքական գործիչներու նոր սերունդով, որոնք, չնայած նկատելի թերութիւններու, հիմնականին մէջ յանձնառութիւն ունին դէպի ժողովրդավարութիւն եւ հանրային շահ»:
Հայաստանը, ըստ զեկոյցին, յետխորհրդային երկիրներէն կը զիջի միայն Ուքրանիոյ, Վրաստանին ու Մոլտովային, իր ետին թողելով Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները, Պելառուսիան, Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը: