image

Անգարայի մէջ. Դատարանը չեղարկած է հայկական գերեզմանոցի վրայ շինարարութիւն կատարելու թոյլտւութիւնը

Անգարայի մէջ. Դատարանը չեղարկած է հայկական գերեզմանոցի վրայ շինարարութիւն կատարելու թոյլտւութիւնը

Թրքական դատարանը բաւարարած է Անգարայի Ոլուս շրջանի հայկական կաթոլիկ գերեզմանոցի վրայ իրականացուող շինարարութեան կասեցման եւ շինթոյլտուութեան չեղարկման պահանջով հայցը: Հայցը ներկայացուած էր Թուրքիոյ ճարտարապետներու պալատի Անգարայի մասնաճիւղ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ermenihaber»-ը։

Պալատի տարածած յայտարարութեան համաձայն՝ Անգարայի 14-րդ վարչական դատարանը բաւարարած է Անգարայի Ալթընդաղ շրջանի համայնքապետարանի ու բնակվարչութեան դէմ ներկայացուած հայցը՝ չեղարկելով շինթոյլտուութիւնը:

Պալատի ղեկավար Թեզճան Քարաքուշ Ճանտանը, մեկնաբանելով դատարանի որոշումը, ըսած է. «Անընդունելի է խանութի կառուցումը այս տարածքին, որ բոլոր գիտական աղբիւրներու համաձայն կը յիշատակուի որպէս հայ կաթոլիկ գերեզմանոց: Այստեղէն նաեւ մարդկային ոսկորներ ի յայտ եկած են։ Դատական հայցով հանդէս եկանք մեր եղբայրութեան եւ համակեցութեան կարեւոր ցուցիչն ու վկան հանդիսացող հայ կաթոլիկ գերեզմանոցի վրայ խանութի անօրինական կառուցման գործի առնչութեամբ։ Դատարանի վճիռը ուրախալի է եւ նպաստաւոր հանրութեան համար, սակայն այնտեղի պատմական գերեզմանոցն աւիրուած է։ Հարկաւոր է բոլոր պատասխանատուները պատժել՝ սոյն դատավճռի շրջածիրէն ներս»։

Ճանտանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ իրենք դիմած են Թուրքիոյ մշակութային հարստութիւններու պահպանման շրջանային խորհուրդ՝ տարածքը որպէս  գերեզմանոց գրանցելու համար։

Յիշեցնենք, որ 2021-ի մարտին այս ապօրինի շինարարութեան մասին բարձրաձայնած էր նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:

Վերջինս Ճանտանի հետ այցելած էր շինարարութեան տարածք, սակայն անոնց թոյլ չէին տուած ներս մտնել եւ ուսումնասիրութիւն ընել: Փայլանն ու Ճանտանը խնդիրը հասարակութեան հասցնելու նպատակով մամլոյ ասուլիս կազմակերպած էին: