Սովորական եղանակային պայմաններուն մարդու օրկանիզմը կը սպառէ օրական միջինը 1,5-էն 2,5 լիթր ջուր, սակայն ըստ Սելսիուսի սանդղակին 30 աստիճան տաքութեան պարագային օրկանիզմը կը կորսնցնէ մէկուկէս անգամ աւելի շատ ջուր, ուստի նաեւ կը պահանջէ ջուրի պաշարներու աւելի յաճախակի համալրում: Այս մասին Championat.com-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է սննդաբան Նաթա Կոնչարը:
Ջրազրկումն ու ջուրի պակասը կանխելու համար անհրաժեշտ է յաճախ հեղուկ օգտագործել, սակայն խօսքը ոչ բոլոր տեսակի ըմպելիքներու մասին է: Կոնչարը նշած է, որ ծարաւը յագեցնելու լաւագոյն տարբերակը մաքուր ջուրն է`շեշտելով, որ սառ ջուրը խորհուրդ չի տրուիր, քանի որ կրնայ իջեցնել դիմադրողականութիւնն ու կոկորդի ցաւ առաջացնել:
Բացի այդ, սառէ ըմպելիքները կ'աշխուժացնեն քրտնագեղձերու աշխատանքը, որուն հետեւանքով ջրազրկում կ'առաջանայ: Ուստի աւելի լաւ է սենեակային ջերմաստիճանի ջուր խմել, որու մէջ համի համար կարելի է աւելցնել կիտրոն կամ թարմ անանուխի տերեւներ:
Ամրան տաքին, ըստ մասնագէտի, կարելի է նաեւ հանքային ջուր խմել, որ կ'օգնէ լրացնել քրտինքի հետ մարմնէն դուրս եկող աղերու պակասը:
Ամարնային ըմպելիքներու շարքին կը դասուին նաեւ թեթեւ սեւ եւ կանաչ թէյերը, ընդ որում`թէ'տաք, թէ' պաղ վիճակով: Մէկ բաժակ տաք թէյը նախ կը ստիպէ քրտնել, ապա կ'իջեցնէ մարմնի ջերմաստիճանը, նշած է փորձագէտը։
Թոյլատրելի ըմպելիքներու շարքին կը դասուին նաեւ տան մէջ պատրաստուած առանց շաքարի հիւթերը, թարմ քամած հիւթերը, տնական Քվասը (հաճարէ պատրաստուած ըմպելի մը) եւ բուսական ծագման կաթը:
Ամրան տապին կարելի չէ խմել գարեջուր եւ այլ ալքոհոլային խմիչքներ, ինչպէս նաեւ զովացուցիչ ըմպելիքներ, որոնք շաքար կը պարունակեն: Շաքարի կամ քաղցրացուցիչներու մեծ քանակութիւնը կը յանգեցնէ ծարաւի եւ ախորժակի աւելացման:
Նպատակայարմար է նուազեցնել սուրճի օգտագործումը, որ ունի միզամուղ ազդեցութիւն եւ կը նպաստէ ջրազրկման: