Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մաճիտ Թախթ-Ռավանչին BBC-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է բացառէ Իրանի դէմ հետագայ որեւէ հարուած, եթէ կ՚ուզէ վերսկսիլ դիւանագիտական ջանքերը:
Ան նշած է, որ Թրամփի վարչակազմը միջնորդներու միջոցով Թեհրանին յայտնած է բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադառնալու ցանկութեան մասին, բայց «չէ յստակեցուցած իր դիրքորոշումը հետագայ յարձակումներու վերաբերեալ»։
Յունիս 13-ին սկսած Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնը խափանեց հիմնական անուղղակի բանակցութիւններու վեցերորդ փուլը, որ պէտք է տեղի ունենար երկու օր անց` Մասքաթի մէջ։
ԱՄՆ-ն ալ անցեալ շաբաթավերջին միջամտեց Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հակամարտութեան՝ օդային հարուածներ հասցնելով իրանեան երեք միջուկային կառոյցի, կը յիշեցնէ BBC-ն։