image

Ամերիկան պիտի վտարէ ՞արդեօք 300 ռուս դիւանագէտ

Ամերիկան պիտի վտարէ ՞արդեօք 300 ռուս դիւանագէտ

Ամերիկացի ծերակուտականները կոչ կ'ընեն նախագահ Ճօ Պայտընին՝ ԱՄՆ-էն վտարել 300 ռուս դիւանագէտ, եթէ Մոսկուան չհամաձայնի ընդլայնել Ռուսաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանութեան աշխատակազմը:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու եւ հետախուզութեան կոմիտէներու ղեկավարներու՝ դեմոկրատներ Պոպ Մենենտեսի ու Մարք Ուորնըրի եւ հանրապետականներ Ճիմ Ռիշի եւ Մարքօ Ռոււիոյի առաջարկը կտրուկ պիտի ուժեղացնէր դեսպանութեան աշխատակազմի համալրման շուրջ վէճը՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ:

Ռուսաստանի մէջ կայ ընդամէնը մօտ 100 ամերիկացի դիւանագէտ, մինչդեռ ԱՄՆ-ի մէջ՝ 400 ռուս դիւանագէտ, յայտնած են ծերակուտականները: «Դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մէջ նման անհամամասնութիւնը անընդունելի է: Ըստ այդմ, Ռուսաստանը պէտք է բաւականաչափ վիզաներ տրամադրէ, որպէսզի մօտենայ Ռուսաստանի մէջ աշխատող ամերիկացի դիւանագէտներու եւ ԱՄՆ-ի մէջ աշխատող ռուս դիւանագէտներու թիւի հաւասարութեան», գրած են ծերակուտականները Պայտընին ուղղուած նամակին մէջ: Եթէ Մոսկուան այդ չընէ, Պայտըն պէտք է սկսի մինչեւ 300 ռուս դիւանագէտներու արտաքսումը: