image

Ամերիկահայեր բողոքի հաւաք ըրած են Ֆրանսայի հիւպատոսարանին առջեւ

Ամերիկահայեր բողոքի հաւաք ըրած են Ֆրանսայի հիւպատոսարանին  առջեւ

Լոս Անճըլըս ապրող հայերը բողոքի հաւաք կազմակերպած են Ֆրանսայի հիւպատոսութեան մօտ։ Անոնք մուտքի մօտ փակցուցած են պաստառ՝ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւնը կանգնեցնելու պահանջով։

Հաւաքի մասնակիցներէն Դաւիթ Մնացականեան դիմատետրեան ուղիղ եթերով ներկայացուցած է, որ իրենք կը պատրաստուին բողոքի հաւաք կազմակերպել եւս 2 դեսպանատան մօտ։

«Երբ Արցախի մէջ ունինք սովամահութեան դէպք, չենք կրնար այստեղ հանգիստ նստիլ։ ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդէն կ'ակնկալենք դրական պատասխան։ Կ'ակնկալենք, որ այն պետութիւնները, որոնք ներգրաւուած են, ունենան իրենց դրական դերը Արցախի անվտանգութեան հարցով, եւ պարտադրեն, որպէսզի Ատրպէյճան սահմանը բանայ, որպէսզի սնուդն ու դեղորայքը հասնի այնտեղ»,- ըսած է Դաւիթ Մնացականեան։

Նշենք, որ արդէն շուրջ 2 շաբաթ է՝ ամերիկահայերը բողոքի իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ի աջակցութիւն Արցախի։ Անոնք նստացոյց յայտարարած են, ինչպէս նաեւ հանդիպած են քոնկրէսական Ատամ Շիֆի հետ։