image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկացի պաշտօնատար Սալիվանին հետ եռակողմ քննարկումներ

Ամերիկացի պաշտօնատար Սալիվանին հետ եռակողմ քննարկումներ

Մայիս 3-ին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ԱՄՆ նախագահի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու կայունութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր:

Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակողական քաղաքականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւումը չեն նպաստեր տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերուն: Նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, ամենաբարձր մակարդակով հնչող ատելութեան խօսքը եւ ուժի կիրառման բացայայտ սպառնալիքները կը վկայեն Լեռնային Ղարաբաղը էթնիք զտումներու ենթարկելու Ատրպէյճանի մտադրութեան եւ իրական սպառնալիքի մասին:

Ընդգծուած է, որ համապարփակ կարգաւորման եւ տարածաշրջանի մէջ երկարատեւ կայունութեան հաստատման համար առանցքային են զօրքերու յետքաշումը, Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու ու անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրումը՝ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած երկխօսութեան մեխանիզմի շրջածիրէն ներս: