Միացեալ Նահանգները կը բանայ իր սահմանները ամբողջութեամբ պատուաստուած ճանապարհորդներու համար՝ վերջ դնելով 20 ամիս տեւած սահմանափակումներուն, որոնք ընդունուած էին ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի օրօք:
Օդանաւային ընկերութիւնները կը պատրաստուին արտասահմանցի ուղեւորներու մեծաթիւ հոսք ընդունիլ: Մինչ այս պահը գործող ճանապարհորդական արգելքը կը տարածուէր աւելի քան 30 երկրի, այդ շարքին՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու քաղաքացիներուն վրայ: ԱՄՆ մուտք գործելու արգելք սահմաուած էր նաեւ Չինաստանի, Հնդկաստանի, Հարաւային Ափրիկէի, Իրանի եւ Պրազիլի քաղաքացիներուն համար:
Այժմ ԱՄՆ կրնան ժամանել «Քովիտ»ի դէմ ամբողջական պատուաստում ստացած եւ ժահրի քննութեան բացասական պատասխան ունեցող անձեր:
Նոր ընդունուած կանոնի համաձայն՝ արտասահմանցի ճանապարհորդները թռիչքի մեկնարկէն առաջ պէտք է ցոյց տան պատուաստման վկայագիրը, «Քովիտ-19»-ի քննութեան բացասական պատասխան ստանան եւ տրամադրեն այլ մարդոց հետ իրենց վերջին շփումներու տուեալները: Այդ պարագային անոնք ստիպուած չեն ըլլար ինքնամեկուսանալու ԱՄՆ ժամանելուն պէս: