Հոկտեմբեր 28-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստան գտնուող Սուրբ Աթոռի պետքարտուղարի ընդհանուր հարցերով փոխանորդ արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փառայը եւ անոր պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեանի ու Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուրի:
Ողջունելով Քոյր Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն այցը հայոց հոգեւոր կեդրոն` Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մշտական ներկայացուցչութեան բացումը Երեւանի մէջ, Վատիկանի եւ Մայր Աթոռի միջեւ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կ'ընձեռէ: Հայոց Հայրապետը հաստատեց, որ Մայր Աթոռի եւ Վատիկանի միջեւ ձեւաւորուած են ջերմ եւ եղբայրական յարաբերութիւններ, որոնց վառ ապացոյցներն են Հռոմի Սրբազան Քահանայապետերու` Յովհաննէս-Պօղոս Երկրորդի եւ Ֆրանչիսկոս Պապերու այցելութիւնները Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած միջոցառումն ու Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին տիեզերական վարդապետ հռչակելը: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Մայր Աթոռի ներկայացուցչութիւնը Վատիկանի մէջ եւս կը նպաստէ երկու եկեղեցիներու բարեկամական կապերու առաւել զօրացման ու խորացման:
Հանդիպման ընթաքցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռին եւ անոր գահակալին արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ու յետպատերազմեայ ծանր օրերուն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին բերած աջակցութեան, զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու վերադարձման գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար:
Հայոց Հովուապետը նաեւ իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին:
Իր հերթին, Սուրբ Աթոռի փոխպետքարտուղար արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փառան, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին բարեմաղթութիւնները: Վատիկանի փոխպետքարտուղարը նշեց, որ Սուրբ Աթոռի առաքելական մշտական նուիրակութեան բացումը Հայաստանի մէջ ալ աւելի պիտի ամրապնդէ երկու եկեղեցիներուն միջեւ ձեւաւորուած գործակցութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին Վատիկանի փոխպետքարտուղարը Ամենայն Հայոց Հայրապետին հաւաստիացուց, որ Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ ամէն ջանք գործադրել յետպատերազմեայ խնդիրներու, ի մասնաւորի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հայ ռազմագերիներու վերադարձման հարցը հանգուցալուծելու համար: