image

Ամբողջապէս վերականգնել Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը. ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւն

Ամբողջապէս վերականգնել Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը. ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւն

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը յոյս ունի, որ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ կը վերսկսի ուղիղ երկխօսութիւնը, որու շնորհիւ կողմերը կրնան կարգաւորել իրենց տարաձայնութիւնները։ Այս մասին 24 յունուարին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նեդ Փրայսը։

«Այդ երկխօսութեան միջոցով, յոյսով ենք, հնարաւոր կը դառնայ հասնիլ տեւական խաղաղութեան: Մենք կը շարունակենք անմիջական քննարկումներ ունենալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ: Մենք այդ կ'ընենք թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով, թէ՛ մեր գործընկերներու հետ, թէ՛ բազմակողմ կազմակերպութիւններու միջոցով: Անցեալ տարի նաեւ քանի մը անգամ առիթ ունեցած ենք կազմակերպելու հանդիպումներ եռակողմ ձեւաչափով: Մենք պիտի շարունակենք ընել ամէն արդիւնաւէտ քայլ՝ այս բաւականին սուր հարցերուն լուծում տալու համար»,- ընդգծած է Փրայս:

Պատասխանելով մէկ այլ հարցի, թէ արդեօք ԱՄՆ Պետական քարտուղարը ունի յստակ պատկերացում Լաչինի հարցով առկայ վիճակի մասին՝ Նեդ Փրայս նշած է, որ ամերիկեան կողմը չափազանց լաւ կը տիրապետէ իրավիճակին ու ունի տարբեր մտահոգութիւններ, որոնցմէ մէկը Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած վիճակն է։

«Մենք մտահոգուած ենք, որ այնտեղ իրավիճակը կը վատթարանայ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումը ոչ միայն պետական քարտուղարի, այլեւ այս շէնքի այլ աշխատողներու ուշադրութեան կեդրոնն է։ Լաչինի միջանցքի երկայնքով սովորական առեւտրային եւ մասնաւոր երթեւեկութեան շարունակական խոչընդոտումը կը յանգեցնէ սննդամթերքի, վառելիքի եւ դեղորայքի պակասի առաջացման՝ բնակչութեան համար, ինչպէս նաեւ կը խաթարէ այստեղ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հիմնական մատակարարումները:

Բնական կազի մատակարարման եւ այլ հիմնական ծառայութիւններու պարբերական խափանումները աւելի կը սրեն վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը: Մենք կոչ կ'ընենք լիովին վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքով, ներառեալ առեւտրային եւ մասնաւոր երթեւեկութեան համար: Մենք կը կարծենք, որ անհրաժեշտ է գտնել  այս փակուղիէն դուրս գալու  լուծում, որ կ'ապահովէ այստեղ ապրող բնակչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Մենք հաւատացած ենք, որ անհրաժեշտ է առաջ շարժիլ բանակցութիւններու միջոցով եւ հաւատարիմ ենք կայուն խաղաղութեան աջակցման»,- յայտարարած է Նեդ Փրայս: