image

Ամանորի նախաշեմին Փաշինեան այցելած է մարտական դիրքեր

Ամանորի նախաշեմին Փաշինեան այցելած է մարտական դիրքեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի ուղեկցութեամբ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով այցելածլ է մարտական դիրքեր, ինչպէս նաեւ ՊՆ «N» զօրամաս:

Փաշինեան հանդիպած է մարտական դիրքերու մէջ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն, շրջայց կատարած է մարտական յենակէտերու մէջ եւ ծանօթացած է առաջնագիծին վրայ իրականացուած աշխատանքներուն, ծառայութեան կատարման, ինչպէս նաեւ զինուորներու կենցաղային պայմաններուն:

Վարչապետ Փաշինեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ։ Վարչապետը զինուորներուն մաղթած է բարի ու անվտանգ ծառայութիւն եւ առողջութիւն։ «Պարոնայք սպաներ, սերժանթներ, շարքայիններ, շնորհաւորում եմ բոլորիդ Ամանորի եւ Սուրբ ծնունդի առիթով: Մաղթում եմ ձեզ պատուով եւ անփորձանք ծառայութիւն: Խնդրում եմ ձեր ընտանիքի անդամներին փոխանցել շնորհաւորանքներ` իմ եւ կառավարութեան անունից ու մաղթել լաւագոյնը 2022 թուականին: Բարով ծառայէք եւ բարով վերադառնաք ձեր տներ ու ձեր օճախներ», նշած է վարչապետը եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ անձնուէր ծառայութեան համար:

Նիկոլ Փաշինեան Ամանորի նախաշեմին զինուորներուն հետ մասնակցած է տօնական ընթրիքի: