image
Հրատապ լուրեր:

AMAA-ը եւ ԵՊՀ համագործակցութիւն. Թեման ՝ «Միջազգային դատարաններ եւ արպիթրաժ» մագիստրոսական ծրագրի կայացումն է

AMAA-ը եւ ԵՊՀ  համագործակցութիւն.  Թեման ՝ «Միջազգային դատարաններ եւ արպիթրաժ» մագիստրոսական ծրագրի կայացումն է

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Հայաստանի մասնաճիւղը եւ «Երեւանի պետական համալսարան» հիմնադրամը (ԵՊՀ) ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր մը, որուն հիման վրայ ԵՊՀ-ին կատարած ներդրումը պիտի ուղղուի Իրաւագիտութեան կաճառի «Միջազգային դատարաններ եւ արպիթրաժ» մագիստրոսական ծրագրի իրականացման։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA), իր աւելի քան հարիւրամեայ առաքելութեան ընթացքին, կրթութիւնը մշտապէս համարած է ազգային անվտանգութեան, ընկերային բարեփոխման եւ բարեկեցիկ կեանքի հիմնասիւներէն մէկը։ AMAA-ը խորապէս համոզուած է, որ կրթութիւնը ուժ է, եւ միայն բարեկիրթ հասարակութիւն ունենալով է, որ պետութիւնը կրնայ արժանապատիւ տեղ զբաղեցնել համաշխարհային բարդ եւ զարգացող համակարգին մէջ։

Հաշուի առնելով հայոց պետականութեան շուրջ, դարաւոր եւ ներկայիս ալ շարունակուող գործընթացները՝ Ընկերակցութիւնը հրատապութիւն եւ առաջնահերթութիւն  կը համարէ միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային դատարաններու ոլորտին առնչուող տարատեսակ գիտելիքներով բարձրակարգ մասնագէտներու պատրաստումը, որ պիտի իրականացուի Երեւանի պետական համալսարանի «Միջազգային դատարաններ եւ արպիթրաժ» մագիստրոսական ծրագրի միջոցով։

Այս ուսումնական տարուընէ գործող այս ծրագրի նպատակներն են.

• Ուսանողներուն ծանօթացնել միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ հիմունքներուն, տրամադրել խոր եւ համակողմանի գիտելիքներ, միջազգային դատարաններու եւ արպիթրաժային վարոյթներու վերաբերեալ։

• Ներկայացնել միջազգային իրաւական վէճերու կարգաւորման տարբեր ատեաններու դերը, գործունէութիւնն ու առանձնայատկութիւնները, միջազգային իրաւական վէճերու կարգաւորման տարբեր փուլերը՝ բանակցութիւններէն մինչեւ վերջնական վճիռի ճանաչումը եւ կատարումը։

• Գնահատել ներպետական իրաւունքի դերը միջազգային իրաւական վէճերու կարգաւորման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել գրաւոր եւ բանաւոր փաստարկումներու հմտութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին, համագործակցութեան ծիրէն ներս, նոր ծրագիրներու ու նախագիծերու իրագործման հնարաւորութիւններուն մասին։