Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի հետ քննարկած է Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացը։ Տեղեկութիւնը յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:
Ալիեւ խօսած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործընթացներու մասին: