image

Ալիեւ Նախիջեւանի համար նոր լիազօր ներկայացուցիչ նշանակեց

Ալիեւ Նախիջեւանի համար նոր լիազօր ներկայացուցիչ նշանակեց

Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր ստորագրած է՝ Ֆուատ Նաճաֆլին Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի լիազօր ներկայացուցիչ նշանակելու վերաբերեալ։

Փաստաթուղթի համաձայն՝ Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը անմիջականօրէն պիտի ենթարկուի երկրի ղեկավարին։ Ըստ հրամանագրի՝ կեդրոնական եւ տեղական գործադիր իշխանութիւններն ու պետական ​​այլ կառոյցներ իրենց գործունէութիւնը պէտք է իրականացնեն Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ՝ համաձայնեցնելով նախագահի ներկայացուցչի հետ։

Նախապէս Նաճաֆլին եղած է Սումկայիթի տեխնոլոգիական փարքի դիտորդական առաքելութեան անդամ, ինչպէս նաեւ աշխատած է PASHA Holding-ի մէջ: