image

Ալիեւ կը շարունակէ յոխորտալ

Ալիեւ կը շարունակէ յոխորտալ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակումը ներկայացուցած է որպէս յաջողած օրինակ, թէ ինչպէս կարելի է ռազմական գործողութիւն իրականացնել՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ զէրոյական զոհերով։ 

Նոյեմբեր 20-ին Պաքուի մէջ Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ճամալ Ռաշիտի հետ մամուլի համար յայտարարութեան մէջ Ալիեւ ըսած է, որ երեք տարի շարունակ Հայաստանի հետ անմիջական շփումներու միջոցով, միջազգային միջնորդներու միջոցով ինքը փորձած է հասկցնել, որ «մենք չենք կրնար թոյլ տալ ապօրինի անջատողական ռեժիմի գոյութիւնը նոյնիսկ Ատրպէյճանի փոքր մէկ հատուածի մէջ»։ «Բայց, ցաւօք, Հայաստանի կառավարութիւնը մեզի չլսեց։ Ան լսեց իր խորհրդականներուն Արեւմուտքի մէջ, բայց անոնք լաւ խորհուրդներ չտուին։ Ցաւօք, անոնց խորհուրդն էր՝ որքան հնարաւոր է երկար պահել զօրախումբը մեր տարածքին մէջ։

Այս տարուան սեպտեմբերին մեր համբերութեան վերջը եկաւ, եւ մենք հակաահաբեկչական գործողութիւն իրականացուցինք մեր ինքնիշխան տարածքին մէջ՝ միջազգային իրաւունքին լիովին համապատասխան։ Գործողութիւնը տեւեց 24 ժամէն ալ քիչ, եւ քաղաքացիական բնակչութեան շարքերէն զոհեր չեղան։ Կը կարծեմ, այն լոյսին տակ, ինչ տեղի կ՚ունենայ այժմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, սա պէտք է դառնայ օրինակ, թէ ինչպէս կարելի է ռազմական գործողութիւն իրականացնել՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ զէրոյական զոհերով»,-ըսած է Ալիեւ։

Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի նախագահի համար տասնեակ խաղաղ բնակիչներու, այդ շարքին՝ երեք երեխաներու մահը «զէրոյական ցուցանիշ է»։ Բայց նոյնիսկ եթէ Ալիեւի՝ երեխաներու մահը թաքցնելու փորձերը յաջողութեամբ պսակուին, ոչ մէկ կերպ կարելի չէ թաքցնել տարածաշրջանի աւելի քան հարիւր հազար բնիկ բնակիչներու գաղթը: