Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանը մեղադրած է ՀԱՊԿ երկիրներու հետ Պաքուն բախման մղելու փորձի մէջ՝ վստահեցնելով, որ այդ փորձերը «տապալած են»։
«Մենք ՀԱՊԿ անդամ չենք։ Հայաստան այս կազմակերպութեան անդամ է, եւ այս կազմակերպութեան միջոցով նպատակ ունէր անհիմն պահանջներ ներկայացնել Ատրպէյճանին, բայց իրականութեան մէջ կ'ուզէր անդամ երկիրները բախման մղել Ատրպէյճանի հետ։ Սա մեծ սադրանք է եւ մեծ յանցագործութիւն»,-ըսած է Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ «Հայաստանի այս սադրանքը ձախողեցաւ եւ ՀԱՊԿ երկիրները չենթարկուեցան անոր»։ «Սա կը նշանակէ, որ կազմակերպութեան մէջ մեր ընկերները աւելի շատ են, քան Հայաստանինը։ Ինչո՞ւ Հայաստանի նկատմամբ վերաբերմունքը այդքան բացասական է. որովհետեւ անոնք ամէն տեղ կը ստեն, ու իրենց հարցերը լուծելու համար, ինչպէս կ'ըսեն, դուռ չէ մնացած, որ չթակեն։ Այս ամէնը ակնյայտ է, բոլորը գիտեն այդ մասին»,-ըսած է ան։