Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Սեւակ Համբարձումեանի նախագահութեամբ, մերժեց ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ, ՔԿ նախկին նախագահ Աղվան Յովսէփեանը կալանաւորելու որոշման դէմ բողոքը։
Յիշեցնենք, որ ըստ ՀՔԾ-ի՝ Աղվան Յովսէփեանը, 18 Մարտ 2004-էն մինչեւ 13 Սեպտեմբեր 2013, զբաղեցնելով ՀՀ գլխագոր դատախազի, իսկ 18 Յուլիս 2014-էն մինչեւ 11 Յունիս 2018՝ ՀՀ Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, յիշեալ ժամանակահատուածին փաստացի մասնակցծած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող շարք մը ընկերութիւններու կառավարման, բացի այդ՝ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 190.000.000 ՀՀ դրամ կաշառք եւ խարդախութեան եղանակով կատարած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 800.000.000 ՀՀ դրամ գոյքի յափշտակութիւն: Ըստ ՀՔԾ-ի՝ ան նաեւ օրինականացուցած է յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով՝ ընդհանուր 1.299.404.414 ՀՀ դրամ:
Նշենք, որ Յովսէփեան կալանաւորուած է 9 Սեպտեմբերէն ի վեր։