Հռոմի պապ՝ Ֆրանչիսկոս կոչ ըրած է աղօթելու Աստուածամօր, որպէսզի աշխարհը զերծ պահէ միջուկային պատերազմէն։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Հռոմի պապը ըսած է Գիտութիւններու պապական ակադեմիայի լիագումար նիստի մասնակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ:
«Երկու ողբերգական համաշխարհային պատերազմներէն յետոյ կը թուէր, թէ աշխարհը սորված է առաջ երթալ՝ յարգելով մարդու իրաւունքները եւ միջազգային իրաւունքը, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութեան բոլոր ձեւերը։ Բայց, ցաւօք, այժմ մենք յետընթացի նշաններ կը տեսնենք», - նշած է Հռոմի պապը։
Հռոմի պապի կարծիքով՝ ներկայիս կը վերականգնուին հին հակամարտութիւնները, կը զարգանայ ազգայնականութիւնը, թշնամանքը, կ'առաջանան գերազանցութեան համար պատերազմներ:
«Ես արդէն խօսած եմ «մաս-մաս» ընթացող երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին, բայց այսօր, հաւանաբար, կարելի է խօսիլ արդէն «ամբողջական» պատերազմի մասին»,- աւելցուցած է Հռոմի պապը: