image

Աղէքսանդրիոյ համայնքի երիտասարդներէն Արմէն Միսքճեանի կորուստը

Աղէքսանդրիոյ համայնքի երիտասարդներէն Արմէն Միսքճեանի կորուստը

Աղէքսանդրիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի երիտասարդ անդամներէն Արմէն Միսքճեանը։ 

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Աղէքսանդրիոյ մեր աղբիւրէն։ 

Կը նշուի, որ երկու որդիներու հայր Արմէն Միսքճեանը մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով։ 

 

Համայնքին կողմէ սիրուած եւ բոլորին հանդէպ յարգանք տածող Արմէնը  հաստատութիւններու ապահովական-նկարահամնան համակարգերու մասնագէտ էր, ան նաեւ եղած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական եւ մշտական ներկայութիւն համայնքի կեանքէն ներս։ 

 Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը պիտի կատարուած են 

12 Մայիսին , Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Ազգային Գերեզմանատան Ամենայն Սրբոց Մատրան մէջ:

 Յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը կատարած է համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Գրիգոր քհնյ. Մուրատեանի ձեռամբ։