image

Աղաւնոյի բնակիչը կրակի տուած է իր սեփական բնակարանը (Տեսանիւթ)

Աղաւնոյի բնակիչը կրակի տուած է իր սեփական բնակարանը (Տեսանիւթ)

Ընկերային ցանցերու վրայ մեծ տարածում գտած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ երեւելի կը դառնայ, թէ ինչպէս քաղաքացին կրակի կու տայ Աղաւնո գիւղի իր բնակարանը։

Տեսանիւթին մէջ բնակիչը կ՚ըսէ, թէ ինք ծնած է այդ յարկին տակ եւ տարիէի ի վեր այնտեղի բնակիչն է։ 

 

Նշենք, որ Աղաւնոյի, Բերձորի եւ Սուս բնակավայրերու թեման դարձեալ ուշադրութեան առանցք դարձաւ, երբ պարզ դարձաւ, որ հայկական կողմը  յառաջիկայ 25  օգոստոսին այդ բնակավայրերը պիտի յանձնէ Ատրպէյճանին։