image

Աֆղանիստանէն հեռանալէ ետք ԱՄՆ թալեպներուն 85 միլիառ տոլարի զէնք ձգեց. Թրամփ նուաստացուցիչ համարած է ԱՄՆ մօտեցումները

 Աֆղանիստանէն հեռանալէ ետք ԱՄՆ թալեպներուն 85 միլիառ տոլարի զէնք ձգեց. Թրամփ նուաստացուցիչ համարած է ԱՄՆ մօտեցումները

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Աֆղանստանի մէջ իշխանափոխութեան տարեդարձի կապակցութեամբ ըսած է, որ ԱՄՆ ներկայիս նախագահ Ճօ Պայտընի օրօք երկրէն դուրս գալէ ետք Միացեալ Նահանգներու զինուորականները թալեպներուն (Ռուսիոյ մէջ արգիլուած կազմակերպութիւն) ձգած են «աւելի քան 85 միլիառ տոլարի աշխարհի լաւագոյն զէնքը»,- յայտնած է ԱՄՆ նախկին ղեկավարի մամուլի ծառայութիւնը։

Անոր խօսքով՝ մէկ տարի առաջ Աֆղանստանէն զօրքերու դուրսբերումն «ամենաամօթալի, ապաշնորհ եւ նուաստացուցիչ իրադարձութիւնն էր Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ»։

«Խօսքը մեր հեռանալու փաստի մասին չէ, ի վերջոյ ես էի, որ կրճատեցի մեր զինուորներու թիւը այնտեղ մինչեւ երկու հազարի՝ պատրաստուելով դուրս բերել անոնց. խօսքը մեր հեռանալու ձեւի մասին է», - ըսած է Թրամփ:

ԱՄՆ նախկին նախագահը աւելցուցած է, որ 2021-ի ամրանն Աֆղանստանէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումն ուղեկցուած է 13 ամերիկացի զինծառայողի մահով։

«Բացի այդ, մենք կը ետին բազմաթիւ ամերիկացիներ թողեցինք եւ թշնամիին տուինք աշխարհի լաւագոյն զէնքը, որու արժէքը կը գերազանցէ 85 միլիառ տոլարը: Ի՜նչ տխուր է»,- աւելցուցած է նախկին նախագահը։