image

96-ամեայ Էլիզապէթ Բ.-ը հրաժարած է ձեռնափայտէն ու կրկին ձի կը վարէ

96-ամեայ Էլիզապէթ Բ.-ը հրաժարած է ձեռնափայտէն ու կրկին ձի կը վարէ

Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզաբեթ Բ. թագուհին վերադարձած է թամբին եւ դարձեալ ձի կը վարէ` չնայած, որ վերջին շրջանին տեղաշարժման հետ կապուած խնդիրներ ունէր եւ ձեռնափայտ կ'օգտագործէր: Այժմ յայտնի է, որ միապետը արդէն մի քանի օր է ձեռնափայտ չ'օգտագործեր, յայտնած է Daily Mail-ը:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ թագուհիին ինը ամիս առաջ արգիլուած էր ձի վարել, սակայն այժմ 96-ամեայ Էլիզաբէթ Բ.-ը եւ վերադարձած է թամբին:

«Թագուհին կրկին կը վայելէ իր ձիուն վրայ նստիլը: Կրկին ձիավարութեամբ զբաղիլը հրաշալի նշան է անոր առողջութեան հետ կապուած այդ անհանգստութիւններէն յետոյ: 96 տարեկանին այդ ընելը բաւականին ուշագրաւ է», ըսած է քաջատեղեակ աղբիւրը