image

6 միլիոն տոլար Ճենիֆըր Լոփեսի համերգին համար

6 միլիոն տոլար Ճենիֆըր Լոփեսի համերգին համար

Ճենիֆըր Լոփեսի Երեւանեան համերգէն ինդամէնը երեք օր առաջ պարզուած է, որ անոր կազմակերպման գումարը տրուած է Հայաստանի պիւտճէէն։ Երէկ կառավարութիւնը որոշած է ամերիկացի ռեփըր Սնուպ Տոկի 2023-ին տապալուած համերգի 6 միլիոն տոլարը ուղղել Ճենիֆեր Լոփեսի Երեւանեան համերգի կազմակերպման։ Այս մասին յօդուած հրապարակած է Azatutyun.am-ը։

Սա այն պարագային, երբ ամիսներ շարունակ ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ գովազդի մէջ, ոչ մէկ պաստառի վրայ նշուած չէ եղած, որ կառավարութիւնն ու «Դոպինգ Սփեյս»-ն են Լոփեսի համաշխարհային շրջագայութեան շրջածիրէն ներս կայանալիք այս համերգի հովանաւորը եւ կազմակերպիչը։

Աւելին՝ կառավարութեան որոշման մէջ նշուած չէ, որ Ճենիֆըր Լոփեսի Երեւանեան համերգը պիտի ըլլայ օգոստոս 3-ին, այնտեղ նշուած են անորոշ ժամկէտներ՝ «2025-ի մէջ»։

Բացի այդ, Ճենիֆըր Լոփեսի համերգի կազմակերպման նախահաշիւը կը պարունակէ միլիոնաւոր դրամի ծախսեր, որոնց հիմնաւորուածութիւնը եւ նպատակայարմարութիւնը հարցեր կ՚առաջացնեն։

 

37,000 տոլար՝ Ճենիֆըր Լոփեսի 2 օրուայ սնունդի համար, 15,000 տոլար՝ համերգի ծրագրի արտադրողի համար

Կառավարութեան որոշումէն պարզ կը դառնայ, որ Լոփեսին պիտի վճարուի 1 միլիառ դրամ՝ աւելի քան 2,5 միլիոն տոլար։ Քանի որ յայտնի չէ՝ որքան պիտի տեւէ համերգը, դժուար է գնահատել՝ այս գումարն արդեօք կը համապատասխանէ նախկին համերգներու համար վճարուած հոնորարներուն, թէ ոչ։

Աւելի կասկածելի է միայն Ճենիֆըր Լոփեսի սնունդի առաքման ծառայութիւններուն համար նախատեսուած գումարը՝ 14,4 միլիոն դրամ, կամ 37,000 տոլար։ Իր խումբի սնունդի համար 6 միլիոն դրամ առանձնացուած է, անոր զգեստափոխութեան սենեակի աշխատակիցներուն համար՝ 3,8 միլիոն դրամ։

Ըստ կառավարութեան փաստաթուղթին՝ Ճենիֆըր Լոփեսը պիտի իջեւանէ «Դուին» հիւրանոցը (Seven Visions Hotels 5), որուն երկու օրուան համար նախատեսուած է վճարել մօտ 4 միլիոն դրամ։ Ըստ նախահաշուի՝ Ճենիֆըր Լոփեսը եւ կազմակերպող խումբը տեղաւորելու համար Երեւանի տարբեր հիւրանոցներու մէջ պիտի ծախսուի աւելի քան 71,5 միլիոն դրամ՝ որոնք կը կազմեն 185 հազար տոլար։

Համերգի գործադիր արտադրողին նախատեսուած է վճարել 2,5 միլիոն դրամ աշխատավարձ։ Արդէն նշուած հաստիքէն բացի, պիտի ըլլայ նաեւ համերգի ծրագրի արտադրող՝ 5,8 միլիոն դրամ աշխատավարձով։ Համերգի տեխնիկական տնօրինութեան համար պիտի վճարուի 29,4 միլիոն դրամ։

6 միլիոն դրամ պիտի յատկացնուի գնումներու հետ կապուած խորհրդատուական ծառայութիւններու համար, 4,4 միլիոն՝ օրէնսդրական խորհրդատուութեան, նոյնքան՝ հաշուապահական ծառայութիւններու համար։ «Դուպինգ Սփեյս»-ը նախատեսած է արուեստագէտը դիմաւորողին վճարել 1 միլիոն 320 հազար դրամ, համերգի փոխադրային պատասխանատուին՝ 2,5 միլիոն դրամ, սնունդի սպասարկման տնօրէնին՝ 2,3 միլիոն դրամ։ Տարածքի վրայ պիտի ըլլայ նաեւ «օպերացիոն գործընթացներու ղեկավար»ը, որ պիտի ստանայ 3,5 միլիոն դրամ աշխատավարձ մէկ համերգի համար, ելեկտրամեքենաներու պատասխանատուն՝ 3 միլիոն դրամ։ «Դոպինգ Սփեյս»-ը նախատեսած է մեքենաներ վարձելու եւ ուղեւորափոխադրում կազմակերպելու համար ծախսել 8,5 միլիոն դրամ։