image
Հրատապ լուրեր:

«3+3» ձեւաչափով հանդիպումը մօտիկ ապագայի՞ն

«3+3» ձեւաչափով հանդիպումը մօտիկ ապագայի՞ն

Ռուսաստանը յոյս ունի, որ «3+3» (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան – Ռուսաստան, Թուրքիա, Իրան) ձեւաչափով հանդիպումը տեղի կ'ունենայ «ոչ-հեռաւոր ապագային»: Այդ մասին ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօն:

«Քանի դեռ ընթացքի մէջ է այդ հարցերու մշակումը՝ անհրաժեշտ է ստանալ բոլոր մասնակիցներուն համաձայնութիւնը: Երբ այդ համաձայնութեան հասնենք՝ մենք կը յայտարարենք, թէ ուր տեղի պիտի ունենայ հանդիպումը: Մենք յոյս ունինք, որ այդ ոչ-հեռաւոր ապագայի հարց է», ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը:

Անտրէյ Ռուտենքօն յաւելած է, որ Վրաստանի համար նախատեսուած աթոռը վեց երկիրներու հանդիպման ազատ պիտի մնայ, եթէ Վրաստանը չի հաստատէ իր մասնակցութիւնը: Իսկ երբ Վրաստանը պատրաստակամութիւն յայտնէ՝ կրնայ գործընթացի լիիրաւ մասնակից ըլլալ: